Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արփինէ Յովհաննիսեանը Դուրս Եկաւ «Հանրապետական»էն

Արփինէ Յովհաննիսեանը Դուրս Եկաւ «Հանրապետական»էն

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահ, արդարադատութեան նախկին նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը յայտարարած է Հանրապետական կուսակցութեանն իր անդամակցութիւնը կասեցնելու մասին: Իր ֆէյսպուքեան գրառմամբ Յովհաննիսեանը յայտնած է, որ ստացած է փաստաբանական գործունէութեան արտօնագիր եւ պիտի միանայ այն փաստաբաններու հանրոյթին, որոնք չեն ընկրկիր պաշտպանել իրենց վստահորդներուն՝ անկախ հասարակական տրամադրութիւններէն: Արփինէ Յովհաննիսեանը նաեւ յայտնած է, որ հիմնադրած է հասարակական կազմակերպութիւն, որու նպատակը պիտի ըլլայ վերահսկել երկրի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, վերհանել խնդիրները, միեւնոյն ժամանակ՝ առաջարկել լուծումներ:

«Ես շարունակելու եմ իմ աքթիւ ներգրաւուածութիւնը հասարակական-քաղաքական գործընթացներին, խորքային վերլուծութեան եմ ենթարկելու կայացուող որոշումները, իսկ անհրաժեշտութեան դէպքում չեմ խորշելու սուր քննադատութիւն հնչեցնելուց։ Մեր երկրին ծառայելու համար բացի քաղաքականութիւնից եւ պետական ծառայութիւնից, կան այլ կարեւոր հարթակներ, որոնք պահանջում են իրական նուիրուածութիւն եւ փրոֆէսիոնալիզմ։ Յատկապէս կարեւոր է, որ այս փուլում հնչող կարծիքը չդիտարկուի քաղաքական հետագծի կամ կուսակցական պատկանելութեան լոյսի ներքոյ։ Ասուածը յատկապէս կարեւորւում է հասարակական կազմակերպութիւն հիմնելու որոշման համաթեքսթում», – գրած է Յովհաննիսեանը։

Արփինէ Յովհաննիսեանը նաեւ գրած է՝ «Դաւիթ եւ գործընկերներ» խորհրդատուական ընկերութեան մէջ պիտի իրականացնէ մասնագիտական գործունէութիւն` գործընկերոջ կարգավիճակով: Նախապէս պետական բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած Դաւիթ Յարութիւնեանի հիմնադրած ընկերութեան խումբի անդամներ են նաեւ նախկին փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանը, ֆինանսներու նախկին նախարար Վարդան Արամեանը, ՊԵԿ նախկին փոխնախագահ Վախթանգ Միրումեանը։

Դաւիթ Յարութիւնեանը հրաժարած է մեկնաբանութիւն տալ իրենց գործունէութեան վերաբերեալ: ՀՀԿ կազմակերպչական յանձնաժողովի նախագահը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է, որ Դաւիթ Յարութիւնեանը կը շարունակէ մնալ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ:

ՀՀԿ կազմակերպչական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Թադեւոսեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է, որ Դաւիթ Յարութիւնեանը կը շարունակէ մնալ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ, Վարդան Արամեանը կուսակցութենէն դուրս գալու դիմում ներկայացուցած է, իսկ Արփինէ Յովհաննիսեանի պարագային յստակեցուցած է՝ ընդամէնը կասեցուցած է անդամակցութիւնը։

Սերժ Սարգսեանի փաստաբան Ամրամ Մակինեանը չէ մեկնաբանած տեղեկութիւնները, թէ Արփինէ Յովհաննիսեանը կը պատրաստուի միանալ Հայաստանի երրորդ նախագահի փաստաբանական խումբին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment