2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական զարգացումները, անցնցում յեղափոխութիւնը էականօրէն նպաստեցին Հայաստանի միջազգային ճանաչելիութեան բարձրացման, նշած է Զբօսաշրջութեան հայկական արհմիութեան (ֆետերացիա) նախագահ Մեխակ Ապրեսեանը:
«Յեղափոխական գործընթացները, խաղաղ երթերը էապէս նպաստեցին համաշխարհային հանրութեան շրջանում Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացմանը: Դա էական խթան էր Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման առումով: Հիմա պէտք է կարողանալ այդ ներուժը հաւաքագրել եւ արդիւնաւէտ օգտագործել, ապահովել կայուն զբօսաշրջութիւն՝ նպաստելով տնտեսութեան զարգացմանը»,-ըսած է Մեխակ Ապրեսեանը: Խօսելով միջազգային առումով Հայաստանի ճանաչելիութեան մասին՝ Մեխակ Ապրեսեանը նշած է, որ այն պէտք է յանգեցնէ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան աճի արդիւնաւէտ կառավարման:
«Զբօսաշրջութեան ոլորտում սպասուող աճի հոսքերից չպէտք է գլուխներս կորցնենք ու մոռանանք ծառայութիւնների որակի շարունակական բարձրացման մասին: Մենք չպէտք է թոյլ տանք, որ զբօսաշրջիկը մեր երկրից հիասթափուած հեռանայ: Ընդհակառակը՝ անհրաժեշտ է այնպիսի պայմաններ ապահովել, որ զբօսաշրջիկը Հայաստանից հեռանայ իր սպասելիքները գերազանցած»,- ըսած է ան:
2018 թուականին Հայաստան այցելողներու թիւը կազմած են 1 միլիոն 651 հազար, ինչը 10.5 տոկոսով աւելի է 2017-ի համեմատ: Մեխակ Ապրեսեանը նշած է, որ Հայաստան եկող զբօսաշրջիկներու կառուցուածքին մէջ բաւական աշխոյժ են Ռուսաստանը, Վրաստանը: Զբօսաշրջիկներու թիւի աւելացում կը նկատուի եւրոպական երկիրներէն: Հայաստանի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կայ Չինաստանէն, արաբական երկիրներէն: Մեխակ Ապրեսեանի խօսքով, տնտեսական դժուարութիւններով պայմանաւորուած՝ որոշակի աշխոյժութեան նուազում նկատուած է Իրանի կողմէ: