Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ազգութեամբ Ատրպէյճանցի Գործիչներու Վարքագիծը Յղի է Ազգամիջեան Բախումներու Վտանգով»

«Ազգութեամբ Ատրպէյճանցի Գործիչներու Վարքագիծը Յղի է Ազգամիջեան Բախումներու Վտանգով»

by MassisPost

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ (ներքին)-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը յայտարարութեամբ հանդէս եկած էՄիքայէլ Աւագեանի վերաբացուած կիսանդրիի շուրջ վերջերս ծաւալած իրադարձութիւններու կապակցութեամբ: Այս մասին կը գրէ Jnews կայքը։

«Օրեր առաջ Ախալքալաքի շրջանի Բուղաշէն գիւղին մէջ բարերարներու միջոցով վերաբացուեցաւ գիւղի արժանաւոր զաւակ, Խորհրդային Վրաստանի իրաւապահ համակարգի օրինապաշտ ներկայացուցիչ, 1990 թուականէն` Հայաստանի Հանրապետութեան  սահմաններու պաշտպանութեան, այնուհետեւ նաեւ Արցախի ազատագրման գործին մէջ իր նշանակալի ներդրումը ունեցած հետախոյզ Միքայէլ Աւագեանի կիսանդրին, որ բուռն արձագանգ գտած է ինչպէս Ատրպէյճանի պետական ու հասարակական-քաղաքական, այնպէս ալ Վրաստանի որոշ շրջանակներու մօտ: Նշեալ շրջանակները, միահամուռ կերպով Միքայէլ Աւագեանը ներկայացնելով որպէս «ահաբեկիչ», կը պահանջեն Վրաստանի իշխանութիւններէն կազմաքանդել յուշարձանը: Վրաց որոշ ընդդիմադիր շրջանակներ, տուրք տալով ատրպէյճանական քարոզչամեքենայի կեղծիքներուն, ձգտելով բորբոքել վրաց հասարակութիւնե եւ անոնց տրամադրել իշխանութիւններու դէմ, յայտարարած են, թէ, իբր, Միքայէլ Աւագեանը հանդէս եկած է ոչ միայն Արցախի մէջ եւ «ահաբեկած» ատրպէյճանցիները, այլեւ հանդիսացած է ապխազական պատերազմի մասնակից եւ պայքարած Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ: Վրաց որոշ ընդդիմադիր շրջանակներու, անոնց շարքին նաեւ ազգութեամբ ատրպէյճանցի գործիչներու այս վարքագիծը յղի է ազգամիջեան բախումներու վերաճման եւ Վրաստանի մէջ անկայունութեան ստեղծման վտանգով:

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ (ներքին) -Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը կը դատապարտէ Վրաստանի ներքին գործերուն միջամտելու դրսեւորումները, որոշներու՝ քաղաքական նպատակներով երկիրը եւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու փորձերը եւ այս ծանր օրերուն իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Վրաստանի իշխանութիւններուն», – գրած է Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment