Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուա Կ’ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի Միջեւ Վերջին Շփումները

Մոսկուա Կ’ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի Միջեւ Վերջին Շփումները

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան կ’ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարբեր հարթակներու վրայ տեղի ունեցած վերջին քաղաքական շփումները:

«Մենք անոնց վերաբերեալ կառուցողական գնահատականներ լսած ենք կողմերէն, եւ կը կարծենք, որ այն ճիշդ ուղի է՝ առաջ երթալու համար», – յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մարիա Զախարովան:

«Մենք մեր միջնորդական առաքելութիւնը կ’իրականացնենք բարեխղճօրէն եւ, կը կարծեմ, որակեալ», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը, ընդգծելով՝ Քրեմլինի դիրքորոշումը ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ չէ փոխուած:

Այս ամիս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցան Տաւոսի մէջ, Փարիզի մէջ ալ հանդիպեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանն ու Էլմար Մամետեարովը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment