Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Աշխատանքներ կը Տանի Սու-30 Կործանիչներ Գնելու Ուղղութեամբ

Հայաստանը Աշխատանքներ կը Տանի Սու-30 Կործանիչներ Գնելու Ուղղութեամբ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխատանքներ կ’իրականացնէ ռուսաստանեան արտադրութեան Սու-30ՍՄ կործանիչներ գնելու ուղղութեամբ։ Այս մասին «Արմէնբրես»-ին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը։

«Այո, մենք կործանիչներ ձեռք բերելու ուղղութեամբ աշխատում ենք, բայց որեւիցէ յստակ բան չեմ ասի»,- նշած է Յովհաննիսեանը։

«Այսինքն, կործանիչները դեռ չե՞ն գնուել»,- ճշդող հարցին Յովհաննիսեանը պատասխանած է․ «Գնուելը կը լինի այն ժամանակ, երբ կործանիչները կը լինեն Հայաստանում եւ մենք այն կը ցուցադրենք»։

Աւելի վաղ լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ ռուսական Սու-30 կործանիչներու գնման գործընթացը աւարտած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment