Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Խօսքի Ազատութիւնը Աւելի Կարեւոր կը Համարէ, Քան Կառավարութիւնը Կեղծ Լուրերէն Պաշտպանելը

Փաշինեանը Խօսքի Ազատութիւնը Աւելի Կարեւոր կը Համարէ, Քան Կառավարութիւնը Կեղծ Լուրերէն Պաշտպանելը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի մէջ աւելի շատ կարեւոր կը համարէ խօսքի ազատութիւնը, քան կառավարութիւնը կեղծ լուրերէն պաշտպանելը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ի թղթակիցը, այս մասին Նիկոլ Փաշինեանը նշած է  Քէոլնի թեխնիքական համալսարանին մէջ հարց ու պատասխանի ժամանակ՝ անդրադառնալով կեղծ լուրերու մասին հնչած հարցին։

«Կեղծ լուրերի թեման մենք քննարկել ենք նաեւ Տաւոսում։ Իրականում այն բարդ խնդիր է, որովհետեւ կապուած է մի շարք հանգամանքների հետ։ Ես ինքս էլ առնչւում եմ այդ խնդրին. այսօր ընկերային ցանցերում մեծ ծաւալի կեղծ լուրեր կան իմ անձի, իմ ընտանիքի, կառավարութեան հասցէին։ Չնայած խնդրի առկայութեանը, ես կարծում եմ, որ խօսքի ազատութիւնը շատ կարեւոր է»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Խօսելով լուծումներու մասին՝ Փաշինեանը նշած է, որ կարեւոր կը համարէ կրթական հանգամանքը շեշտադրելը։ Անոր խօսքով, կրթական ծրագրերու միջոցով, կապուած տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, մետիա դաշտի հետ, ժամանակի ընթացքին հարցը կը կարգաւորուի։

Հարց ու պատասխանի ընթացքին վարչապետը անդրադարձած է արհեստագիտական զարգացումներուն շրջակայ միջավայրի պահպանութեան գործի վերաբերեալ։ Ան նշած է, որ կը նախատեսեն շարք մը ուղղութիւններով, նաեւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սահմանել բարձր չափանիշներ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment