Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայկական Վարժարաններու Դէմ Ուղղուած «Ատելութեան Արարքներ»

Հայկական Վարժարաններու Դէմ Ուղղուած «Ատելութեան Արարքներ»

by MassisPost

Յունուար 28-29-ի ուշ գիշերուան ժամերուն սադրանքներու ենթարկուած են Լոս Անճելըսի Վէլիի շրջանին մէջ գտնուող հայկական վարժարանները:

Մանուկեան-Տեմիրճեանի վարժարանի կողմէ ծնողներուն ուղղուած նամակ մը կը տեղեկացնէ, որ դպրոցի դարպասներուն վրայ դրուած են թրքական դրօշներ:

Վարժարանի պատասխանատուները անմիջապէս տեղեկացուցած են Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան, որոնք քննելէ ետք պատահածը՝ դէպքը որակած են որպէս «ատելութեան արարքներ»:

Վարժարանի հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ որ, կապ հաստատած են Ֆերահեան վարժարանի պատասխանատուներուն հետ, որոնք յայտնած են, որ նոյն արարքը գործուած է նաեւ իրենց դպրոցին դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment