Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մարտի 1»-ի Գործը Սկզբունքային Հարց է Հայաստանի Համար. Փաշինեան

«Մարտի 1»-ի Գործը Սկզբունքային Հարց է Հայաստանի Համար. Փաշինեան

by MassisPost

«Մարտի 1»-ի գործը, որու շրջագիծէն ներս կալանաւորուած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, սկզբունքային հարց է Հայաստանի համար։ Այդ մասին РБK հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Կը ներէք, չեմ ուզում համեմատել, բայց այսօր շատ երկրներում շատ քրէական գործեր կան, եթէ չեմ սխալւում, նաեւ Ռուսաստանում, որոնք կապուած են Հայրենական մեծ պատերազմի հետ։ Խօսքը մարդկային զոհերի մասին է, նման գործերի դէպքում պէտք չէ սահմանափակումներ դնել։ Բացի այդ, Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն, «Մարտի 1»-ի գործի վաղեմութեան ժամկէտը դեռ չի լրացել», – РБK-ին ըսած է Փաշինեանը։

Լրագրողի հարցին, թէ արդեօ՞ք Քոչարեանի գործը սկզբունքային հարց է անձամբ Փաշինեանի համար, Հայաստանի վարչապետը պատասխանած է. – «Այն սկզբունքային հարց է Հայաստանի համար՝ երբ զոհւում են տասը քաղաքացիներ պէտք է հասկանալ՝ ինչ է տեղի ունեցել»։

«Ռուսաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը յեղափոխութեան օրերուն փաստ է»
Պատասխանելով Հայաստանի մէջ յեղափոխութեան հետ կապուած հարցին, Փաշինեանը մասնաւորապէս ըսած է, թէ չի կարծեր, որ յեղափոխութեան օրերուն Ռուսաստանի կողմէ եղած են միջամտութեան յստակ փորձեր։

Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ առաջին հանդիպումներու ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Ռուսաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար։

«Ռուսաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումն այդ օրերին փաստ է», – ըսած է Փաշինեանը։

«Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները՝ ակնկալելով, որ կազի գինը կրնայ նուազիլ»
Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ «Կազփրոմ»-ի հետ բանակցութիւններուն։ Հայաստանի վարչապետը ըսած է, որ այս տարուան ընթացքին ռուսական կազի գինը սպառողներուն համար պիտի չփոխուի։

Լրագրողի ճշդող հարցին, թէ միւս տարի այն պիտի թանկանա՞յ, Հայաստանի վարչապետը բացասական պատասխան տուած է՝ ընդգծելով՝ հայկական կողմը կը շարունակէ բանակցութիւնները՝ ակնկալելով, որ այդ գինը կրնայ նուազիլ։

«Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցածը կարելի չէ համեմատել հայկական թաւշեայ յեղափոխութեան հետ»
Հայաստանի վարչապետը РБK-ին տուած հարցազրոյցին մէջ կրկնած է՝ Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները հայկական թաւշեայ յեղափոխութեան հետ կարելի չէ համեմատել, աւելցնելով, որ Վենեզուելայի մէջ, իր կարծիքով, կան աշխարհաքաղաքական գործօններ։

Այսօր աշխարհը կիսուած է երկու մասի. Մէկ կողմը այն երկիրներն են, որոնք չեն ճանչնար Խուան Կուիտոնի իշխանութիւնը, որ օրերս ինքզինք հռչակած է Վենեզուելայի միջանկեալ նախագահ, այդ խումբին մէջ է նաեւ Ռուսաստանը, միւս կողմը  այն երկիրներն են, որոնք կը համարեն, թէ գործող նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն կորսնցուցած է իր լիազօրութիւնները եւ պէտք է հեռանայ. այդ խումբին մէջ կայ նաեւ Միացեալ Նահանգները:

Փաշինեանը ռուսական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, թէ Վենեզուելայի վերաբերեալ պաշտօնական Երեւանը դիրքորոշում կը յայտնէ, երբ անոր ժամանակը գայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment