Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրոփոլ. Սպանիոյ եւ Պելճիքայի Մէջ Բացայայտուած Հայկական Յանցախումբերը Կապի Մէջ Եղած են

Եւրոփոլ. Սպանիոյ եւ Պելճիքայի Մէջ Բացայայտուած Հայկական Յանցախումբերը Կապի Մէջ Եղած են

by MassisPost

Եւրոմիութեան ոստիկանութիւնը նոր մանրամասներ հաղորդած է անցած շաբաթ Սպանիոյ մէջ ձերբակալուած հայկական յանցախումբի վերաբերեալ, որուն անդամները կը մեղադրուին    արհեստավարժ թենիսիսթները կաշառելու եւ պայմանաւորուած խաղեր կազմակերպելու մէջ:

Associated Press-ի հետ զրոյցի ժամանակ Եւրոփոլի տնտեսական յանցագործութիւններու բաժնի պետ Փետրօ Ֆելիչիօն յայտնած է՝ պարզուած է, որ Սպանիոյ մէջ ձերբակալուած խմբաւորումը կապի մէջ եղած է անցած տարի Պելճիքայի մէջ յայտնաբերուած հայկական յանցախմբի հետ:

Ըստ եւրոպացի քննիչներուն, խաղադրոյքներով զբաղող այդ խումբերը հարիւրաւոր պայմանաւորուած խաղեր կազմակերպած են Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ, աւելի քան 100 մարզիկներ կաշառած, ընդ որում, ոչ միայն թենիսի ասպարէզի մէջ. լուրջ կասկածներ կան, որ անոնք յանցաւոր կապի մէջ եղած են նաեւ վոլէյպոլիսթներու ու պասքեթպոլիսթներու հետ, ըսած է Եւրոփոլի պաշտօնեան:

Ամիսներ շարունակուած քննութենէն ետք իրաւապահները նաեւ անուններ հրապարակած են: Ըստ այդմ՝ Պելճիքայի մէջ գործող յանցախումբի առաջնորդներէն մէկը եղած է 28-ամեայ Գրիգոր Սարգսեանը, որուն կաշառուած մարզիկները կոչած են «Մաեսթրօ»: Վերջինս ձերբակալուած է եւ այժմ կը գտնուի պելճիքական բանտի մէջ: Անոր դէմ ցուցմունքներ ստանալու, փաստեր հաւաքելու համար, ըստ Associated Press-ի աղբիւրներու, պելճիքացի քննիչները այս շաբաթ մեկնած են Ֆրանսա, ուր գործով անցնող չորս թենիսիսթ ազատազրկուած էր: Անոնցմէ առնուազն մէկը խոստովանած է, որ մօտ երկու տասնեակ պայմանաւորուած խաղ իրականացուցած է Սարգսեանի պատուէրով:

Եւրոփոլի ներկայացուցիչը, իր հերթին, նշած է, որ այժմ քննութիւն կ’ընթանայ, պարզելու համար, թէ ինչ չափով համագործակցած են Սպանիոյ եւ Պելճիքայի մէջ բացայայտուած յանցախումբերը, արդեօ՞ք եղած է մէկ պարագլուխ, որուն բոլորը ենթարկուած են, թէ՞ կապը եղած է ստորին մակարդակներու վրայ՝ տեղեկատւութեան փոխանակման ու փողերու լուացման համար: «Սակայն որ անոնք իրար հետ կապի մէջ եղած են, յստակ է», – ըսած է Եւրոփոլի տնտեսական յանցագործութիւններու բաժնի ղեկավար Փետրօ Ֆելիչիօն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment