Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Ողջունած է Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Ողջունած է Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը

by MassisPost

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշ ողջունած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ տեղի ունեցած էր 16 Յունուարին, Փարիզի մէջ:

Գլխաւոր քարտուղարը գովասանքով խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ կողմերու նուիրուածութեան մասին եւ մասնաւորապէս գնահատած է երկու ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար յստակ միջոցներ ձեռնարկելու՝ երկու նախարարներու պայմանաւորուածութիւնը:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը վերահաստատած է իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդական ջանքերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment