Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան․ Լրջագոյն Քաղաքական Սխալ կը Համարեմ ԱԱԾ-ն եւ Ոստիկանութիւնը Կրկին Քաղաքականացնելը

Միրզոյեան․ Լրջագոյն Քաղաքական Սխալ կը Համարեմ ԱԱԾ-ն եւ Ոստիկանութիւնը Կրկին Քաղաքականացնելը

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը կը կարծէ՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեանն ու Ոստիկանութեան կրկին նախարարութեան կարգավիճակ տալը լրջագոյն քաղաքական սխալ կ’ըլլայ: Խորհրդարանի ղեկավարի խօսքով՝ այդ կառոյցները նախարարութեան կարգավիճակէն զրկելը վերջին տասնամեակներու եզակի ձեռքբերումներէն մէկն էր։

Վարչապետին ենթակայ ԱԱԾ-ին ու Ոստիկանութեան նախարարութեան կարգավիճակ տալու հարցը բարձրացուցած է ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստանը»: Անոնք կը պնդեն՝ այդպէս ուժայինները կ’ըլլան ոչ միայն վարչապետի, այլեւ՝ խորհրդարանական վերահսկողութեան ներքոյ, նախարարները ի պաշտօնէ պարտաւոր կ’ըլլան գալ Ազգային ժողով, պատասխանել պատգամաւորներու հարցերուն։

Ընդդիմադիրներէն բացի նաեւ իշխանական «Իմ քայլէն» կարծիքներ հնչած են, թէ նախարարութեան կարգավիճակի մէջ ԱԱԾ-ն ու ոստիկանութիւնը աւելի վերահսկելի կ’ըլլան: Այդ կարծիքը հնչեցուցած էր Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած Անդրանիկ Քոչարեանը:

«Եթէ մենք մի քիչ աւելի կարող ենք շահել վերահսկողութեան առումով եւ եթէ դրանք դառնան նախարարութիւն, դրան զուգահեռ շատ աւելին կարող ենք կորցնել եւ ռիսքերը կարող են դառնալ հսկայական։ Ես առաջարկում եմ, օրինակ, վերյիշել 90-ականների եղած փորձը, երբ որ էդ կառոյցները շատ աւելի ներգրաւուած էին քաղաքականութեան մէջ։ Սա ձեռքբերում է՝ դուրս պահել այդ կառոյցները քաղաքականութիւնից», – ըսած է Արարատ Միրզոյեանը։

Ուժայինները վերահսկելուն Միրզոյեանը կողմ է․ – «Այս կառոյցները դարձել են ոչ միայն ապաքաղաքական, այլեւ դուրս են եկել բոլորովին տեսադաշտից եւ հանրութեան վերահսկողութիւնից։ Ես հիմա կարծում եմ, որ մենք պէտք է քայլեր անենք էս իրավիճակը շտկելու ուղղութեամբ՝ ոչ նախարարութեան կարգավիճակ տալով։ Մեխանիզմները կարող են լինել բազմաթիւ, այդ գերատեսչութիւնների ղեկավարներին խորհրդարան բերելու, պատգամաւորների հետ հանդիպումները կազմակերպելու։ Գիտէք, գործիքներ կան, որ մինչեւ հիմա էլ եղել են՝ հարցապնդումներ, գրաւոր հարցումներ եւ այլն»։

Միրզոյեանը ըսած է՝ Կառավարութեան նոր կառուցուածքի հարցը քննարկումներու փուլի մէջ է, վերջնական որոշում չկայ: Այնուհանդերձ, ան կը կարծէ՝ ԱԱԾ-ն պէտք է շարունակէ մնալ վարչապետի ենթակայութեան ներքոյ, իսկ Ոստիկանութիւնը կարելի է վերադարձնել Կառավարութեան ենթակայութեան: Մէկ տարի առաջ ուժային երկու կառոյցները անմիջապէս վարչապետի ենթակայութեան վերապահելու՝ Հանրապետականի նախաձեռնութիւնը քննադատած Միրզոյեանը ըսած է՝ իր այսօրուան տեսակէտը հիմնական արտաքին գործօններով պայմանաւորուած է:

«Մի քիչ չափազանց սփեսիֆիք (իւրայատուկ) կառոյց է դա, եւ ես գործադիրում էս ամիսների իմ ունեցած փորձից եմ եկել այս եզրայանգման», – նշած է Ազգային ժողովի ղեկավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment