Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փարիզեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Երեւանը եւ Պաքուն Նոյնանման Հաղորդագրութիւններ Տարածած են

Փարիզեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Երեւանը եւ Պաքուն Նոյնանման Հաղորդագրութիւններ Տարածած են

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Փարիզի մէջ մօտ չորս ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք պաշտօնական Երեւանն ու Պաքուն յայտարարած են՝ տեղի ունեցած է միտքերու օգտակար եւ կառուցողական փոխանակում, ինչը ուղղուած էր նաեւ առաւել լայն փոխըմբռնման եւ փոխվստահութեան հաստատման:

Փարիզեան բանակցութիւններու վերաբերեալ թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնները գրեթէ նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւններ տարածած են: Երկու կողմն ալ նշած են, որ Մամետեարովն ու Մնացականեանը «անդրադարձած են խաղաղ գործընթացին առնչուող հարցերու լայն շրջանակի՝ ներառեալ ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելուն, ինչպէս նաեւ անվտանգութեանն ու տարածաշրջանային կայուն զարգացման հարցերուն»:

Հայաստանի և Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու այս հանդիպումը արդէն չորրորդն է անցած տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք:

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը եւս պիտի չուշանայ՝ անոնք պայմանաւորուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած հետեւողական, նպատակաուղղուած շփումները շարունակել յառաջիկայ Փետրուարին: Հայկական կողմի հաղորդագրութեան մէջ, սակայն, նշուած է, որ հանդիպման նոր ժամկէտները դեռ հաստատուած չեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment