Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կառավարութեան Անդամներու Երկու Երրորդը կը Նշանակուի, Մէկ Երրորդը՝ Դեռ Ոչ». Նիկոլ Փաշինեան

«Կառավարութեան Անդամներու Երկու Երրորդը կը Նշանակուի, Մէկ Երրորդը՝ Դեռ Ոչ». Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Իշխանութիւնը միտքը չէ փոխած. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան նիստի մեկնարկին յայտարարած է՝ նախարարութիւններու թիւը պիտի կրճատուի: Բայց քանի դեռ կը քննարկուին կառավարութեան կառուցուածքին մէջ փոփոխութիւնները, որոշ գերատեսչութիւններու ղեկավարներ ուղղակի պիտի  չնշանակուին։ Փաշինեանը, սակայն, չէ յստակեցուցած՝ յատկապէս որ նախարարները: Կ’ենթադրուի, որ պիտի չնշանակուին կրճատուող նախարարութիւններու ղեկավարները։

«Օրէնքի համաձայն կառավարութիւնը ձեւաւորուած է համարւում, երբ նշանակուած է կառավարութեան անդամների երկու երրորդը։ Կը գնանք այդ ճանապարհով՝ կառավարութեան անդամների երկու երրորդը կը նշանակուի, մէկ երրորդը չի նշանակուի քանի դեռ մենք չենք յստակեցրել կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութիւնների հետ կապուած հարցերը», – նշած է վարչապետը։

Փաշինեանը յղում ըրած էր կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին օրէնքին, որ կը սահմանէ՝ նշանակումէն ետք հնգօրեայ ժամկէտի ընթացքին գործադիր ղեկավարը նախագահին կը ներկայացնէ փոխվարչապետներու ու նախարարներու թեկնածուները։ Իսկ նախարարները պէտք է նշանակուին մինչեւ Կիրակի օր։ Նախարարութիւններու թիւը կրնայ կրճատուիլ նոյն՝ կառավարութեան կառուցուածքի մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններէն ետք միայն:

Դեռ անցած տարի որոշ նախարարութիւններ ստացած էին նախագիծ մը, ըստ որուն, այլեւս պիտի չըլլայ առաջին փոխվարչապետի պաշտօն, նախարարութիւններու թիւ ալ պիտի կրճատուի 5-ով՝ դառնալով 12։

Այս կրճատումներուն ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստանը», Էտմոն Մարուքեանի խօսքով, կողմ է, բայց, ինչպէս ձեւակերպած է ան, նախագծին մէջ նախեւառաջ կ’ակնկալեն տեսնել, որ վերափոխուած է սուփըրվարչապետական համակարգը:

Մարուքեանի կարծիքով՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ), Ոստիկանութիւնը, Պետական եկամուտներու կոմիտէն (ՊԵԿ) պէտք է դառնան նախարարութիւններ եւ ոչ միայն վարչապետի ու կառավարութեան, այլ նաեւ՝ խորհրդարանական վերահսկողութեան տակ գտնուին։ Եթէ նոյն կառուցուածքը պահպանուի, Մարուքեան ըսած է՝ առաջարկին միանշանակ դէմ կ’ըլլան:

Մինչեւ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման աւարտը՝ 2018 թուականի Ապրիլի 9-ը, ուժային կառոյցները, մասնաւորապէս, ոստիկանութիւնն ու ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, ոչ թէ վարչապետին ենթակայ մարմիններ էին, այլ՝ կառավարութեան առընթեր: Փոփոխութիւնը Հանրապետական իշխանութիւնը նախաձեռնեց:

Խորհրդարանի մեծութեամբ երկրորդ ուժը՝ ԲՀԿ-ը, չէ յստակեցուցած թէ ոստիկանութեան եւ ԱԱԾ յետագայ կարգավիճակի մասին ի՞նչ դիրքորոշում ունին: Իսկ իշխանական «Իմ քայլ»-էն Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու Անդրանիկ Քոչարեանը կը կարծէ՝ գոցէ անհրաժեշտ է, որ ոստիկանութիւնն ու ԱԱԾ-ն դառնան նախարարութիւններ: Այդ պարագային աւելի վերահսկելի կ’ըլլան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment