Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրոխորհրդարանի Ընդունած Բանաձեւը Սուր Քննադատութեան Ենթարկած է Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները

Եւրոխորհրդարանի Ընդունած Բանաձեւը Սուր Քննադատութեան Ենթարկած է Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները

by MassisPost

Եւրոխորհրդարանի 17 Յունուարի նիստին ժամանակ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, երկրի մէջ առկայ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի քննարկման ծիրէն ներս սուր քննադատութեան ենթարկուած են: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը յայտնէ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:

Եւրոխորհրդարանի նիստի ժամանակ տարբեր երկիրներէ մօտ երկու տասնեակ խորհրդարանականներ անդրադարձած են Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն եւ, մասնաւորապէս, քաղբանտարկեալ ընդդիմադիր էջատէր (պլոկըր) Մեհման Հուսէյնովի գործին:

Խորհրդարանականները գրեթէ միաձայն նշած են, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկար տարիներ կոպիտ ձեւով կը խախտեն ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարութեան սկզբունքները:

Խորհրդարանականները նշած են, որ ի դէմս Փետրօ Ակրամունթի, այն բոլոր եւրոպական գործիչները, որոնք գումարի դիմաց փորձեր են պաշտպանել Ատրպէյճանի իշխող փտած ու կաշառակեր ռեժիմը, պէտք է անյապաղ պատասխանատուութեան ենթարկուին:

«Պէտք է վերջ դնել պաշտօնեաներու կամայականութիւններուն, պատժամիջոցներ կիրառել այդ երկրի առաջին դէմքին եւ միւս պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք մեղաւոր են Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար»,- գրեթէ միաձայն ըսուած է պատգամաւորներու ելոյթին մէջ:

Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք ընդունուած է բանաձեւ, որուն մէջ պաշտօնական Պաքուն մարդու իրաւունքներու խախտման համար ենթարկուած է սուր քննադատութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment