Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Շարք Մը Քաղաքացիներ Ինքնակամ Յանձնած Են Շեծ Քանակութեամբ Զէնք Եւ Ռազմամթերք

Շարք Մը Քաղաքացիներ Ինքնակամ Յանձնած Են Շեծ Քանակութեամբ Զէնք Եւ Ռազմամթերք

by MassisPost

Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի տարբեր մարզերու բնակիչներ ինքնակամ յանձնած են մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) պաշտօնական կայքէջի հաղորդմամբ՝ Դեկտեմբեր- Յունուար ամիսներուն Գեղարքունիքի եւ Արմաւիրի մարզերու շարք մը քաղաքացիներ ինքնակամ ԱԱԾ մարզային վարչութիւններ ներկայացուցած են մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք, այդ շարքին՝ հակաթանկային նռնականետեր, ինքնաձիգեր, հակահետեւակային ականներ, պայթուցիչներ, նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր, պահունակներ, տարբեր տրամաչափի ընդհանուր առմամբ շուրջ 2000 փամփուշտներ:

Քրէական օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով՝ զէնքը, ռազմամթերքը, պայթուցիկ նիւթերն ու սարքերը կամովին յանձնած անձը կ’ազատի քրէական պատասխանատւութենէն, եթէ անոր գործողութիւնները այլ յանցակազմ չեն պարունակեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment