Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սէյրան Օհանեան Չընդունիր «Մարտի 1»-ի Գործով Իրեն Առաջադրուած Մեղադրանքը

Սէյրան Օհանեան Չընդունիր «Մարտի 1»-ի Գործով Իրեն Առաջադրուած Մեղադրանքը

by MassisPost

Պետութեան համար բարձրագոյն իրաւական աքթ կը համարուի Սահմանադրութիւնը, եւ իւրաքանչիւր ոտնձգութիւն անոր դէմ ոտնձգութիւն է երկրի քաղաքացիին, պետականութեան դէմ եւ քրէօրեն դատապարտելի է, ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը, որ «Մարտի 1-ի» գործով կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ:

Օհանեանը նշած է, որ «Մարտի 1»-ի գործով քննութեան շրջանակէն ներս իրաւագիտօրէն ոչինչ ըսող մեղադրանքները, ուղղորդուող դատական գործընթացները, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու կոպիտ խախտումները ոտնձգութիւն են Հայաստանի Հանրապետութեան մայր օրէնքի նկատմամբ:

«Իմ նկատմամբ՝ դրա վառ ապացոյցն են՝ «Մարտի 1»-ի գործով ԱԱԾ եւ ՅՔԾ պետերի յայտնի հեռախօսազրոյցի ձայնագրութիւնը, որով ապացուցւում են՝ ԱԱԾ պետի յանձնարարականը, երկու պետերի փոխադարձ պայմանաւորուածութիւնները, 2018-ի Դեկտեմբերի 20-ին իմ՝ որպէս ՀՀ քաղաքացու նկատմամբ ազատ տեղաշարժուելու իրաւունքի՝ առանց հիմքերի եւ բացատրութեան ապօրինի սահմանափակումը, դրանով իսկ նաեւ մասնաւոր կեանքի, պատուի ու բարի համբաւի անձեռնմխելիութեան իրաւունքի ոտնահարումը, 2018-ի Դեկտեմբերի 26-ին «Մարտի 1-ի» գործով անհեթեթ մեղադրանքի առաջադրումը», – գրած է պաշտպանութեան նախկին նախարարը:

Պաշտպանութեան նախկին նախարարը այս ամէնը որակած է «Մարտի 1»-ի ցաւալի դէպքերու բացայայտումը դէպի փակուղի տանող բացայայտ ինքնանպատակ ճանապարհ, իսկ գործի շրջանակէն ներս առաջադրուող մեղադրանքներու տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ բացառուած չեն նոր «ստեղծագործական մօտեցումները»:

Պաշտպանութեան նախկին նախարարը, անհիմն համարելով մեղադրանքը, յայտարարած է, որ այն չընդունիր:

«Չէի ցանկանայ՝ մեր դատաիրաւական համակարգը դառնայ ուղղորդուող եւ հակասահմանադրական գործունէութեամբ զբաղուի: Արդարադատութիւնը չեն իրականացնում պատուէրով կամ փողոցի ազդեցութեան ներքոյ: Արդարադատութիւնն իրականացնում են դատաիրաւական համակարգի լաւագոյն մասնագէտների անկախ եւ անաչառ գործունէութեամբ», – գրած է Օհանեանը:

Յիշեցնենք, որ 14 Յունուարին Սեյրան Օհանեանին «Մարտի 1-ի» գործի շրջանակէն ներս մեղադրանք առաջադրուած է սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածի յատկանիշներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment