Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Գէորգեան․ Ես Շատ-Շատ Բան Ունիմ Ըսելու եւ Պատմելու, Բայց Հիմա Ատոր Ժամանակը Չէ

Արմէն Գէորգեան․ Ես Շատ-Շատ Բան Ունիմ Ըսելու եւ Պատմելու, Բայց Հիմա Ատոր Ժամանակը Չէ

by MassisPost

Նախկին փոխվարչապետ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Արմէն Գէորգեանի խափանման միջոցի հարցով Գլխաւոր դատախազութեան բողոքի քննութիւնը յետաձգուած է։

Վերաքննիչ քրէական ատեանէն ներս դատը սկսած ու աւարտած է շատ արագ։

Գէորգեանի պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը ըսած է, որ պաշտպանական կողմը չէր ստացած բողոքի օրինակը, ուստի միջնորդած է յետաձգել դատական նիստը․ – «Դատարանից խնդրեցինք դատական նիստը յետաձգել, դատախազութեան կողմից ներկայացուած վերաքննիչ բողոքը տրամադրել, որպէսզի պաշտպանական կողմը ծանօթանայ»:

Ինքը՝ Գէորգեանը, որ կը մեղադրուի  միաժամանակ չորս յօդուածով, եւս մէկ անգամ յայտարարած է, որ չընդունիր առաջադրուած մեղադրանքները։

Լրագրողներու հարցերուն ան գրեթէ չէ պատասխանած՝ նշելով, որ կը խօսի, երբ ժամանակը գայ․ – «Ներկայացուած մեղադրանքները չեմ ընդունում եւ համարում եմ անհիմն․․․ Կը գայ ժամանակը ես շատ-շատ բան ունեմ ասելու եւ պատմելու: Բայց հիմա դրա ժամանակը չէ»:

Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի օրօք բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած Գէորգեանին առաջին մեղադրանքը առաջադրուած էր դեռ անցած տարուան օգոստոսին։ Ան մեղադրուած էր արդարադատութեան խոչընդոտելու համար եւ գործը միացուեցաւ «Մարտի 1»-ի գործին։ Իսկ արդէն Դեկտեմբերին Յատուկ քննչական ծառայութիւնը եւս երեք յօդուածով մեղադրանք առաջադրեց նախկին փոխվարչապետին, որոնք են՝ առանձնապէս խոշոր չափերու կաշառք ստանալը, փողերու լուացումն ու սահմանադրական կարգի տապալմանն օժանդակելը:

Այս ամէնը հաշուի առնելով նախաքննական մարմինը դիմած է դատարան՝ Գէորգեանը կալանաւորելու համար, սակայն առաջին ատեանը Դեկտեմբերին մերժած է միջնորդութիւնը։

Էրիկ Ալեքսանեանը պարզաբանած է. – «Առաջին ատեանի դատարանը երկու մեղադրանքով՝ սահմանադրական կարգը տապալելը եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մեղադրանքներով հաստատել է, որ հիմնաւոր կասկածը առկայ չէ, այսինքն Արմէն Գէորգեանը առնչութիւն չունի իրեն վերագրուող յանցագործութեան հետ: Իսկ ինչ վերաբերում է փողերի լուացմանը, թէեւ հաստատել է հիմնաւոր կասկածի առկայութիւնը, սակայն նշել է, որ կալանաւորման հիմքերը առկայ չեն»:

Թէ ինչ ապացոյցներ ներկայացուցած է նախաքննական մարմինը փողերու լուացման դրուագով, Գէորգեանի փաստաբանը չէ մանրամասնած՝ պատճառաբանելով, թէ անոնք կը վերաբերին գործի փաստական հանգամանքներուն, որոնց մասին ինքը խօսելու իրաւունք չունի:

Գործով յաջորդ դատական նիստը 17 Յունուարին է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment