Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՅՔԾ-ն Միջազգային Հետախուզութիւն Յայտարարած է Վահագն Յարութիւնեանի Դէմ

ՅՔԾ-ն Միջազգային Հետախուզութիւն Յայտարարած է Վահագն Յարութիւնեանի Դէմ

by MassisPost

Առաջին ատեանի դատարանը 30 Դեկտեմբերին բաւարարած է Յատուկ Քննչական Ծառայութեան միջնորդութիւնն ու որոշում կայացուցած է կալանաւորել Մարտի 1-ի գործով քննչական խումբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանը։ Այս լուրը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է Յատուկ քննչական ծառայութեան խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

Յարութիւնեանը, մինչդեռ, այս պահուն Հայաստան չէ եւ ան կը գտնուի միջազգային հետախուզման մէջ։ Ան կը մեղադրուի Մարտի 1-ի գործով ապացոյցներ կեղծելու մէջ։

Առաջին անգամ անոր կալանաւորելու որոշում կայացուած էր դեռ անցած տարուան 2 Նոյեմբերին, իսկ մօտ մէկ ամիս անց՝ 13 Դեկտեմբերին, Վերաքննիչ դատարանը բեկանած էր ստորադաս ատեանի որոշումն ու վերացուցած էր Մարտի 1-ի գործով քննչական խումբի նախկին ղեկավարի կալանքը։

Վահագն Յարութիւնեանը, որ առողջական պատճառներով կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութիւն, չընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը։

Դեռ Դեկտեմբերի վերջերը Յատուկ քննչական ծառայութիւնը լրացուցած էր Մարտի 1-ի գործով քննչական խումբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանի մեղադրանքը: Բացի գործով կարեւոր ապացոյցներ կեղծելու մեղադրանքէն, Յարութիւնեանը արդէն կը մեղադրուի նաեւ անզգուշութեամբ ծանր հետեւանքներ առաջացուցած պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման եւ բռնութեամբ զուգորդուած պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment