Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նորընտիր Խորհրդարանի Առաջին Նիստը Պիտի Կայանայ Յունուար 14-ին

Նորընտիր Խորհրդարանի Առաջին Նիստը Պիտի Կայանայ Յունուար 14-ին

by MassisPost

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը յանձնաժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ տեղեկացուցած է, որ նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը պիտի կայանայ 14 Յունուար 2019-ին, ժամը 10:00-ին:

«Ազգային ժողովի 2018 թուականի  Դեկտեմբեր 9-ի արտահերթ ընտրութիւններով ընտրուած նորընտիր ԱԺ առաջին նստաշրջանի հրաւիրման օր է յայտարարւում 2019 թուականի Յունուարի 14-ի երկուշաբթի օրը, ժամը 10:00-ը», – յայտարարած է Մուկուչեանը:

Յանձնաժողովը հաստատած է պատգամաւորներու թեկնածուներու ինքնաբացարկներու դիմումները։ Թիւով ամենաշատ՝ 18 ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած էին «Իմ քայլը» դաշինքի թեկնածուներէն անոնք, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի շարունակեն գործունէութիւնը գործադիրի մէջ:

Օրէնսդիր պիտի չերթան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը, նախարարներ՝ Սուրէն Պապիկեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Յակոբ Արշակեանը, Էրիկ Գրիգորեանը, Ֆելիքս Ցոլակեանը: Մանտաթէն հրաժարած են Կոտայքի, Արարատի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի, Լոռիի, Արագածոտնի մարզպետները: Ինքնաբացարկի դիմումներ ներկայացուցած են նաեւ Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանը, Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը եւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Աղաճանեանը:

Ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած է Լուսաւոր Հայաստանի թեկնածուներէն երկուքը: ԲՀԿ-էն ոչ մէկ դիմում եղած է:

Մինչեւ նորընտիր ԱԺ-ի առաջին նիստը՝ 10 Յունուարին կը նախատեսուի ընտրուած պատգամաւորներու մանտաթներու յանձնման արարողութիւնը: Այն պիտի իրականացուի օփերայի եւ պալեթի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ:

ԱԺ-ի մէջ մեծամասնութիւն պիտի կազմէ «Իմ քայլը» դաշինքը, որ պիտի ունենայ 88 պատգամաւոր, երկրորդը պիտի ըլլայ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ իր 26 պատգամաւորներով: Խորհրդարանական երրորդ եւ ինքզինք ընդդիմադիր հռչակած ուժը «Լուսաւոր Հայաստան»ն է, որ պիտի ունենայ 18 պատգամաւոր:

Ըստ Սահմանադրութեան, նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք Հանրապետութեան նախագահը անյապաղ վարչապետ պիտի նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment