Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլի Քնեսեթին Մէջ Քննարկուած է Հայաստանէն Կեղծ Վկայականներ Ստացած Արաբ Բժիշկներու Հարցը

Իսրայէլի Քնեսեթին Մէջ Քննարկուած է Հայաստանէն Կեղծ Վկայականներ Ստացած Արաբ Բժիշկներու Հարցը

by MassisPost

Իսրայէլի քաղաքացի արաբ ուսանողներու կողմէ Հայաստանէն հարիւրաւոր կեղծ վկայականներու ձեռք բերման մասին գայթակղային հետաքննութիւնը այժմ ալ դարձած է Իսրայէլի Քնեսեթի քննարկման թեման:

Երկուշաբթի օր Քնեսեթի աշխատանքի, ընկերային ապահովութեան եւ առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնաժողովը քննարկում կազմակերպած էր, որուն կը մասնակցէին բազմաթիւ պատգամաւորներ ու կրթութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակիցներ: Գլխաւոր բանախօսը առողջապահութեան նախարարութեան քատրերու բաժնի պետ, փրոֆեսոր Շաուլ Եացիւն էր, որ իր խօսքին մէջ նշած է, որ ռազմագիտական լուրջ խնդիրներ պիտի ունենայ երկիրը, եթէ միջոցներ չձեռնարկեն ու շարունակեն ընդունիլ շատ ցած մասնագիտական կրթութիւն տրամադրող Մոլտովայի ու Հայաստանի բժշկական հաստատութիւնները աւարտած ուսանողներ: Նիստի ընթացքին ան ըսած է, որ շատ ուսանողներ, որոնք պատրաստում կ’անցնին, իրենց կեանքին մէջ նոյնիսկ հիւանդ չեն տեսած:

«Հայաստանի մէջ վիճակը աւելի ծանր է քան Մոլտովայի մէջ, եւ չեմ խօսիր այժմ ոստիկանութեան հետաքննութեան մասին, որովհետեւ կասկած նոյնիսկ չկայ, որ ուսանողները բաւարար չեն սորվիր, դասաժամերը քիչ են ու գործնական աշխատանքներն ալ ոչ բաւարար են», – ըսած է Փրոֆեսոր Եացիւը:

Քնեսեթի այս քննարկումը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մամուլը կը գրէ, միանշանակ չէ ընդունուած: Նախ՝ նիստին ներկայ էին Իսրայէլի արաբական բնակչութեան շահերը պաշտպանող պատգամաւորներ Այման Ուտը եւ Ախմատ Տիպին:

Այման Ուտը, որ կը գլխաւորէ արաբական միացեալ ցուցակը Քնեսեթի մէջ, նախ մեղադրած է առողջապահութեան նախարարութեան, որ արտօնագրեր տուած էր յետագային ձերբակալուած այդ բժիշկներուն: «Այդ մարդիկ յանձներ են պետական քնութիւնները ու կ’աշխատէին նախարարութեան թոյլտւութեամբ եւ յանկարծ կը յայտարարեն, որ այդ մարդիկ յանցագործներ են: Այդ կերպ պետութիւնը ոտնահարեր է անոնց իրաւունքներն ու կասկածի տակ առեր է անոնց մասնագիտական հեղինակութիւնը նաեւ խաղցեր է անոնց ընտանիքներուն պատիւին հետ», ֊ յայտարարած է ան։

Պատգամաւոր Ախմատ Տիպին, որ նաեւ մասնագիտութեամբ բժիշկ է, իր հերթին նիստի ժամանակ ըսած է, թէ շատ վրդոված է ոստիկանական գործողութեան անուանումէն՝ «Սպանութեան արտօնագիր», ու մարդոց ձերբակալութիւններէն, կարծես թէ խօսք կ’երթար մարդասպաններու ու «թմրապիզնես»ի ոլորտի յանցագործներու մասին։ Ան աւելցուցած է, որ այսօր արաբ դեղագործներն ու բժիշկները ծանրակշիռ ազդեցութիւն ունին, Իսրայէլի մէջ լաւագոյն մասնագէտներն են ու շատ արաբ բժիշկներ կը ճանչնայ, որոնք աւարտած են թէ՛ Մոլտովայի, եւ թէ՛ Հայաստանի բուհերն ու այսօր լաւ մասնագէտներ են: Այնուհետեւ քննարկումը տեղափոխուած է արաբա-հրէական հակամարտութեան եւ ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան դաշտ, որմով ալ աւարտած է՝ առանց որեւէ որոշման:

Նոյն օրը «THE MARKER» թերթին տուած իր ընդարձակ հարցազրոյցին մէջ առողջապահութեան նախարարութեան քատրերու բաժնի պետ, փրոֆեսոր Շաուլ Եացիւը ըսած էր, որ մտադիր են Մոլտովայի ու Հայաստանի բոլոր բժշկական հաստատութիւններու վկայականներուն վրայ արգելք դնել ու այլեւս չընդունիլ այդ երկիրներուն մէջ ուսանած ուսանողներու վկայականները:

«Նման որոշման պարագային լուրջ դիւանագիտական խնդիրներ կը ծագին Հայաստանի ու Իսրայէլի միջեւ», – կը գտնէ իրաւապաշտպան Հատաս Պրաւէն: ֊ «Ես կը կարծեմ, որ այդ կ’ըլլայ սխալ եւ ծանր որոշում, որ վատ անդրադարձ կ’ունենայ ոչ միայն այնտեղ սորված ուսանողներուն, այլեւ Իսրայէլի ու Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ եւ ես յոյսով եմ, որ նման որոշում չի կայացուիր եւ քիչ հաւանական է այժմ», – ըսած է ան:

Հատասը այն իրաւաբաններէն է, որ մի քանի տարի է կը պայքարի Մոլտովայի ու Հայաստանի ոչ պետական բժշկական բուհերը աւարտած արաբ ուսանողներու իրաւունքներուն համար եւ դատական կարգով տասնեակ գործեր շահած է:

«Ազատութեան» հարցին՝ եթէ նախարարութիւնը, այնուամենայնիւ, կայացնէ նման որոշում, ի՞նչ քայլեր պիտի ձեռնարկեն, Հատաս պատասխանած է. ֊ «Իհարկէ կայ հնարաւորութիւն դիմել երկրի օմպուտսմենին  (Մարդկային իրաւանց   պաշտպան) բայց փորձը ցոյց տուած է, որ այդ պարագային աւելի երկար ժամանակ պիտի պահանջուի, ուստի եթէ այլընտրանք չըլլայ, կարելի է դատարան դիմել»։

Ան, սակայն, հայերու դէմ ուղղուած ընդգծուած դիրքորոշում չի տեսներ, ուղղակի կը կարծէ, որ նախարարութիւնը կը ջանայ սահմանափակել քաղաքացիներու ուսուցումը արտասահմանի մէջ, սակայն իւրաքանչիւր 10 բժիշկէն 6-ը ուսանած է արտասահմանի մէջ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ալ տեղեկացուցած են, որ հայկական կողմը դիւանագիտական խողովակներով պիտի փորձէ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ ոստիկանական հետաքննութեան հետ կապուած եւ կրկին վերահաստատած են, որ որեւէ դիմում Իսրայէլեան կողմէն չեն ստացած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment