Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մանուէլ Գրիգորեանը Ազատութեան Մէջ Մնալով, Կրնայ Օրէնքով Պահանջուած Պատշաճ Վարքագիծը Չապահովել». Դատախազ

«Մանուէլ Գրիգորեանը Ազատութեան Մէջ Մնալով, Կրնայ Օրէնքով Պահանջուած Պատշաճ Վարքագիծը Չապահովել». Դատախազ

by MassisPost

«Մենք դրա հիմքերն ու անհրաժեշտութիւնը տեսնում ենք, որ այդ աքթի օրինականութիւնը ստուգուի` որքան հնարաւոր է արագ», – յայտարարած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը՝ վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւոր, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի կալանաւորման պահանջով դատախազութեան շէնքի մօտ բողոքի ցոյց իրականացնող քաղաքացիներու հետ հանդիպման ժամանակ։

Դատախազը կրկին նշած է, որ բողոք տարած են Վերաքննիչ դատարան՝ Մանուէլ Գրիգորեանի կալանքը գրաւով փոխարինելու որոշման դէմ:

Ցուցարարներու հարցին, թէ «հնարաւո՞ր է, որ դատարանը հանրային ճնշման դէպքում աւելի արագ գործը քննի, քանի որ մարդիկ չեն կարող հանդուրժել Նոր տարուն Մանուէլ Գրիգորեանի՝ ազատութեան մէջ գտնուելը», դատախազը պատասխանած է. – «Պէտք է մի բան հասկանանք՝ սրանք իրաւական գործընթացներ են, դատարանն անկախ է, եւ դատարանի նկատմամբ ցանկացած ազդեցութիւն ընդունելի չէ, բայց այդ նիստն արագ նշանակել, քննութիւն իրականացնել, կարծում եմ, որ դատարանի ծանրաբեռնուածութեամբ պայմանաւորուած, այո՛, հնչեղ գործերով կայ այսպիսի մօտեցում, եւ, եթէ նկատեցիք, մենք էլ մեր նախատեսուած հնգօրեայ ժամկէտից շատ վաղ՝ մէկօրեայ ժամկէտում տանում ենք վերաքննիչ բողոք»։

«Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօ՞ք Մանուէլ Գրիգորեանը ազատութեան մէջ մնալով չի խոչընդոտեր նախաքննութիւնը, գլխաւոր դատախազը պատասխանած է. – «Մենք տեսնում ենք այդ հիմքերը, որ Մանուէլ Գրիգորեանն ազատութեան մէջ մնալով կարող է օրէնքով պահանջուած պատշաճ վարքագիծը չապահովի, մենք այդ կանխատեսումները հիմնաւորում ենք, դրա համար էլ գնում ենք, իսկ գործի տուեալների մասին, կարծում եմ, առաջիկայում, երբ որ կ’աւարտուի նախաքննութիւնը հրապարակային կը ներկայացնենք»։

21 Դեկտեմբերին դատարանը 25 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակած էր Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը։

Ան կը մեղադրուի ապօրինի կերպով ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու, ինչպէս նաեւ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք յափշտակելու մէջ։ Անոր պաշտպան Արսէն Մկրտչեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ համոզմունք յայտնած է, որ գրաւով ազատ արձակելու՝ դատաւորի որոշման համար հիմք հանդիսացած է իր պաշտպանեալի առողջական ծանր վիճակը։

Մանուէլ Գրիգորեանը կալանաւորուած էր այս տարուան Յունիսին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment