Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Վրաստանը, Մոլտովան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Ուքրանիան Չեն Կրնար Զարգանալ ՌԴ-ի Պատճառով. Անկելա Մերքէլ

Վրաստանը, Մոլտովան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Ուքրանիան Չեն Կրնար Զարգանալ ՌԴ-ի Պատճառով. Անկելա Մերքէլ

by MassisPost

Գերմանիան «չի կրնար աչքերը փակել» այն հանգամանքի վրայ, որ Ռուսաստանի հարեւանութեամբ գտնուող երկիրները չեն կրնար այնպէս զարգանալ, ինչպէս կը ցանկային: Այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը Պերլինի մէջ տեղի ունեցած գերմանա-ուքրանիական տնտեսական համաժողովի ժամանակ, այս մասին կը փոխանցէ NOI.md-ը:

Մերքէլ ըսած է, թէ այնպիսի երկիրներ, ինչպիսին են Վրաստանը, Մոլտովան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Ուքրանիան, չեն կրնար զարգանալ Հարաւային Օսիայի, Մերձտնեսթրի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ուքրանիայի արեւելեան մասին մէջ սառեցուած հակամարտութիւններու պատճառով:

«Գերմանիոյ մէջ մենք չենք կրնար ասոր վրայ աչք փակել»,- ըսած է Անկելա Մերքէլը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment