Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արժանթինի Հայերը կը Բողոքեն Էրտողանի Այցի Դէմ

Արժանթինի Հայերը կը Բողոքեն Էրտողանի Այցի Դէմ

by MassisPost

Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ հաւաքուած են Մեծ քսանեակի ղեկավարները: Գագաթնաժողովը ունի յագեցած օրակարգ, եւ կը նախատեսուին ամբողջ մոլորակի համար կարեւոր զարգացումներ՝ հակառակ, որ Կերչի միջադէպի առնչութեամբ ԱՄՆ նախագահ Տանալտ Թրամբ յայտարարած է, որ կը հրաժարի իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն: Կ’ենթադրուի, որ առեւտուրի ասպարէզին մէջ հետզհետէ սրուող յարաբերութիւններու շուրջ պիտի բանակցին Թրամբը եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը:

Կարեւոր   իրադարձութիւն է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ փաստացի ղեկավար Մուհամմատ Պըն Սըլմանի այցը՝ թագաւորի կարգադրութեամբ գահաժառանգը ներկայ պիտի ըլլայ մոլորակի տնտեսապէս առաւել զարգացած երկիրներու հաւաքին: Ինչպէ՞ս անոր պիտի ընդունի աշխարհի վերնախավը լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի սպաննութենէն ետք:

g20

Մինչդեռ Արժանթինի հայերը կը բողոքեն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի այցի դէմ, դեռ շաբաթասկիզբին անոնք հաւաքուած էին Պուենոս Այրեսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ:

«Էրտողանի ներկայութեան հնարաւորութիւնը, անոր այցը շատ ծանր կ’ընդունինք ես եւ իմ ընտանիքը, ես այստեղ եմ յանուն իմ մեծ պապերու յիշատակին, յանուն մեր ամբողջ համայնքի մեծ պապերուն յիշատակին», – ըսած է Արժանթինի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ակուսթին Անարեանը:

Հաւաքի ընթացքին ցուցարարները խօսած են ոչ միայն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութեան, այլեւ արդի Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու, այդ շարքին՝ քիւրտերու հալածանքներու մասին: Ցուցարարները նշած են, որ Էրտողանի ռեժիմը հետեւողականօրէն կը հետապնդէ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորները, իսկ այդ կառոյցի ղեկավար Սելահատտին Տէմիրթաշը 2016 թուականէն բանտն է: Էրտողանի վարչակարգը կը հալածէ հանրային աքթիւիսթները եւ իրաւապաշտպանները:

«Reuters» լրատուական գործակալութիւնը նշած է, որ Արժանթինի հայերը շատ աշխոյժ են հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցի վերաբերեալ եւ ամէն տարի Ապրիլի 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներ կը կազմակերպեն: Արժանթինը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment