Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան․ Մամուլի Ազատութեան Հարցի Վերաբերեալ Թուրքիան Մութ Ժամանակներ Կ’ապրի

Փայլան․ Մամուլի Ազատութեան Հարցի Վերաբերեալ Թուրքիան Մութ Ժամանակներ Կ’ապրի

by MassisPost

Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանի ամպիոնէն բարձրաձայնած է երկրի մէջ մամուլի ազատութեան վիճակի մասին:

Ելոյթին մէջ, որ Փայլանը հրապարակած է իր թուիթըրեան էջին, ան նշած է, որ մամուլի ազատութեան հարցի վերաբերեալ Թուրքիան մութ ժամանակներ կ’ապրի:

Թուարկելով թրքական «Սապահ», «Սթար», «Եէնի Շաֆաք», «Աքշամ», «Միլիյէթ», «Հիւրիյէթ» «Թիւրքիյէ» «Աքիթ» պարբերականները՝ Փայլանը զանոնք իշխանութեան խօսափողեր անուանած է:

«Մամուլի համար երկու ճանապարհ կայ՝ կա՛մ պէտք է փառաբանէ սուլթանը, կա՛մ ըլլայ ազատ: Սակայն ազատութիւնը իր գինն ունի՝ ձերբակալութիւններ, ճնշում, սահմանափակումներ», – ընդգծած է թրքական խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորը:

Ան մեղադրած է իշխանութիւնները մամուլի ազատութիւնը սահմանափակելու համար՝ պնդելով, թէ այդպիսով անոնք կ’ուզեն, որ մարդիկ չկարդան, չքննադատեն, հարցեր չբարձրացնեն:

Փայլանը համոզմունք յայտնած է, որ իշխանութիւններու նման գործելակերպը առաջին հերթին իրենց կը վնասէ: «Ցանկացած ուժ, որ չի քննադատուիր, սխալներ կը գործէ: Թողէք ազատ մամուլը ձեզ քննադատէ, մենք ալ, դուք ալ աւելի քիչ սխալներ ընենք», – յայտարարած է հայազգի պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment