Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթըն Ուշադրութիւնը Պիտի Կեդրոնացնէ Հայաստանի Հետ Կապերու Ամրապնդման Վրայ. Stratfor-ի Վերլուծաբաններ

Ուաշինկթըն Ուշադրութիւնը Պիտի Կեդրոնացնէ Հայաստանի Հետ Կապերու Ամրապնդման Վրայ. Stratfor-ի Վերլուծաբաններ

by MassisPost

Կովկասի մէջ Ուաշինկթընը ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ Հայաստանի կառավարութեան հետ կապերու ամրապնդման վրայ, կը նկատեն Stratfor հետազօտական կեդրոնի վերլուծաբանները:

Նշելով, որ Հայաստանը աւանդաբար Ռուսաստանի սերտ եւ հաւատարիմ դաշնակիցներէն է, կ’անդամակցի Մոսկուայի գլխաւորած Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ռազմական պլոքին՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան, վերլուծաբանները կը շարունակեն. – «Բայց վերջին ամիսներուն Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ քաղաքական լարուածութիւն առաջացած է, որ կը յաջորդէ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան ուժեղացման»:

Միացեալ Նահանգները յոյս ունի օգտագործել այդ լարուածութիւնը՝ սեպ խրել Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ, կը նկատէ Stratfor-ը` նշելով, որ նման փորձ մը արդէն եղած է, երբ ԱՄՆ-ի նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը անցած ամիս այցելելով Հայաստան, ըսած էր, թէ ԱՄՆ-ը կրնայ զէնք վաճառել Հայաստանին՝ արտայայտելով ԱՄՆ-ի հետաքրքրութիւնը:

Մոսկուան Պոլթընի առաջարկը դիտարկած է որպէս ուղղակի սպառնալիք, կը շարունակեն Stratfor-ի վերլուծաբանները, Ռուսաստանը ներկայ դրութեամբ Հայաստանին զէնքի վաճառքի մենաշնորհ ունի եւ հինգ հազարանոց զօրք այդ փոքր երկրին մէջ: Հակառակ որ Հայաստանը վերջին հաշուով դժուար թէ հրաժարի Ռուսաստանի հետ իր ռազմավարական համաձայնութիւններէն, բայց երկուքի միջեւ քաղաքական խնդիրները կրնան Միացեալ Նահանգներուն հնարաւորութիւն ընձեռել թուլացնելու Մոսկուայի ազդեցութիւնը առանցքային դաշնակիցի վրայ:

Stratfor-ը նկատել կու տայ, որ Հայաստանի հիմնական հակառակորդ Ատրպէյճանը եւս կը գրաւէ ԱՄՆ-ի ուշադրութիւնը, մասնաւորապէս Իրանի վրայ ճնշումներու առումով: Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները իր հարաւային հարեւանի հետ դժուարութիւններու կը հանդիպին, քանի որ կառավարութիւնը, մասնակցելով Թեհրանի զսպման ԱՄՆ-ի ռազմավարութեան, նաեւ կը ձգտի պահպանել արտաքին քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնը: Ամէն պարագայի, Ատրպէյճանը արդէն իսկ դադրեցուցած է Իրանէն բնական կազի գնումները նախքան Իրանի հանդէպ ԱՄՆ-ի սահմանած պատժամիջոցներու ուժի մէջ մտնելը 5 նոյեմբերին: 2019-ին ամենայն հաւանականութեամբ պիտի կրճատուին տնտեսական կապերը Ատրպէյճանի ու Իրանի միջեւ:

Ինչ կը վերաբերի Վրաստանին, Stratfor-ը կը կանխատեսէ, որ Միացեալ Նահանգները պիտի աւելցնէ աջակցութիւնը՝ անվտանգութեան եւ աւելի շատ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնէ Վրաստանի հետ՝ տարածաշրջանի միակ երկիրը, որ աշխոյժօրէն կ’ընդելուզուի Եւրամիութեան եւ ՆԱԹՕ-ին:

2019-ի համար եղած Stratfor-ի վերլուծութիւնը կը կանխատեսէ ԱՄՆ-ի յառաջիկայ քաղաքականութիւնը Ռուսաստանին սահմանակից երկիրներուն հետ:

Ամփոփ ներկայացուած քանի մը պարբերութիւններու մէջ վերլուծաբանները կը նշեն, որ Արեւելեան Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս ու Կեդրոնական Ասիա Միացեալ Նահանգները պիտի զարգացնէ իր կապերը նախկին Միութեան ծայրամասային երկիրներուն հետ՝ Ռուսաստանի վրայ ճնշումները ուժեղացնելու համար:

«Ռուսաստանին սահմանակից արեւմտամէտ երկիրներու հետ ԱՄՆ-ը պիտի զարգացնէ անվտանգութեան կապերը՝ զէնքի վաճառքի ու զօրավարժութիւններ իրականացնելու միջոցով: Միաժամանակ, Ուաշինկթընը տնտեսական ու անվտանգութեան նախաձեռնութիւններ պիտի առաջարկէ Մոսկուայի ուղեծիրին մէջ գտնուող երկիրներուն՝ փորձելով անոնց կորզել Ռուսաստանէն: Ռուսաստանը պիտի արձագանգէ իր սեփական միջոցներով, խառնածին պատերազմներու մարտավարութեամբ հակազդելու Միացեալ Նահանգներու ու Արեւմուտքի ազդեցութեան տարածման տարածաշրջանի մէջ», – կը գտնեն Stratfor-ի վերլուծաբանները 2019-ի համար եղած զեկոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment