Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեանը Ստորագրած է Սեֆիլեանին ՀՀ Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Համար Անհրաժեշտ Փաստաթուղթերը

Փաշինեանը Ստորագրած է Սեֆիլեանին ՀՀ Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Համար Անհրաժեշտ Փաստաթուղթերը

by MassisPost

21 Նոյեմբերին ստորագրեցի Ժիրայր Սեֆիլեանին Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհելու համար անհրաժեշտ բոլոր փաստաթուղթերը, ֆէյսպուքեան գրառմամբ տեղեկացուցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը՝ պարզաբանելով, որ որոշումը օրինական (տե եուրէ) ուժի մէջ պիտի մտնէ նախագահի հրամանագրի ստորագրումէն ետք:

«ՀՀ օրէնսդրութեամբ ետին թուով քաղաքացիութիւն շնորհելու ոչ մի հնարաւորութիւն չկայ: Հետեւաբար՝ քաղաքացիութիւնն ուժի մէջ կը մտնի այս տարուանից»,- նաեւ պարզաբանած է Փաշինեանը:

Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատար, նորաստեղծ «Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան հիմնադիր անդամ Սեֆիլեանը տարիներ շարունակ կը դիմէր իշխանութիւններուն քաղաքացիութիւն ստանալու համար եւ մերժում կը ստանար: Մօտ երկու շաբաթ առաջ ան «Ազատութեան» ըսած էր, որ արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցի ՀՀ քաղաքացիութիւն չունենալու պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment