Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեանի Փարիզ Այցի Կապակցութեամբ Ատրպէյճանը կը Սպառնայ Ֆրանսային

Բակօ Սահակեանի Փարիզ Այցի Կապակցութեամբ Ատրպէյճանը կը Սպառնայ Ֆրանսային

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն կը սպառնայ վերանայիլ յարաբերութիւնները Ֆրանսայի հետ եւ բողոքի նոթա փոխանցել՝ Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանին Փարիզի մէջ «հանդիսաւոր ընդունելութեան արժանացնելու համար»:

«Նման այցի հնարաւորութիւն տալով եւ ընդունելով ապօրինի վարչակազմի ներկայացուցիչները՝ Ֆրանսան դէմ կ’երթայ Ատրպէյճանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու ոգիին, ինչպէս նաեւ Փարիզի ու Պաքուի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրերուն», – յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը՝ աւելցնելով․ – «Այսպիսով Ֆրանսան նաեւ լուրջ կասկածի տակ կը դնէ իր առարկայականութիւնը եւ անաչառութիւնը որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ համանախագահող երկիր, որ պէտք է աջակցի ղարաբաղեան խնդրի կողմերուն՝ հակամարտութեան կարգաւորման հարցի վերաբերեալ»:

Այս առումով, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական նստավայրը հաղորդած էր, որ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով մեկնած է Փարիզ, ուր հանդիպած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անդամներու, ինչպէս նաեւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: «Ատրպէյճանը դիւանագիտական խողովակներով բողոքի նոթա կը փոխանցի Ֆրանսային այս հարցի կապակցութեամբ», – յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ընդգծելով՝ սա նմանօրինակ առաջին դէպքը չէ: «Ֆրանսայի կողմէն հետեւողականօրէն իրականացուող եւ երկակի չափանիշներու վրայ հիմնուած այդ դիրքորոշումը կը ստիպէ Ատրպէյճանին վերանայիլ երկկողմ յարաբերութիւնները», – պնդած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Փորձագէտները կը փաստեն, որ Պաքուի այս կոշտ յայտարարութեան ու Փարիզի հանդէպ դժգոհութեան հիմքը միայն Ղարաբաղի նախագահի այցը չէ: Ատրպէյճանի մէջ չեն թաքցներ, որ հիասթափուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի շրջանակծիրէն ներս անցած ամիս այցելած է Երեւան, ջերմ հանդիպումներ ունեցած Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ, սակայն Պաքու  չէ մեկնած:

«Այն, որ Ֆրանսայի նախագահը տարածաշրջան կատարած իր վերջին այցի ընթացքին Ատրպէյճան չեկաւ, կը վկայէ, որ այդ երկրի քաղաքականութիւնը հիմնուած է երկակի չափանիշներու վրայ», – «Թրենտ» գործակալութեան ըսած է քաղաքագէտ Թակիր Սապեթովը:

Քաղաքագէտ, նախկին դիւանագէտ Ֆիքրէտ Սատիխովն ալ պնդած է՝ Ատրպէյճանի նախագահը այդ պատճառով  մերժած էր ֆրանսական կողմի հրաւէրը եւ չէր մեկնած Փարիզ՝ Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն: Աշխարհի առաջնորդներու մակարդակով իրականացուած այդ հաւաքին Ատրպէյճանը ներկայացած էր արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment