Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եուրի Խաչատուրովը Հեռացուած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարու Պաշտօնէն

Եուրի Խաչատուրովը Հեռացուած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարու Պաշտօնէն

by MassisPost

Եուրի Խաչատուրովե հեռացուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն:

«Համաձայն սահմանուած կարգի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եուրի Գրիգորի Խաչատուրովի վաղաժամկէտ յետկանչի ընթացակարգը աւարտած է: ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշմամբ Եուգ Գգ Խաչատուրովը ազատուած է Կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն», – ըսուած է ՀԱՊԿ պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պարտականութիւններու կատարումը յանձնարարուած է գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքովին, կը փոխանցէ ՀԱՊԿ կայքէջը:

Եուրի Խաչատուրովին Հայաստանի մէջ սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանք առաջադրուած է «Մարտի 1»-ի գործով, ան դատարանի որոշմամբ 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է եւ օգոստոսի սկիզբէն Մոսկուայի մէջ կը շարունակէր կատարել ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պարտականութիւնները:

Մեղադրանքի առաջադրումէն ետք Հայաստանը ՀԱՊԿ գործընկեր պետութիւններուն առաջարկած էր սկսիլ գլխաւոր քարտուղարի փոխարինման գործընթաց:

Եուրի Խաչատուրովը ՀԱՊԿ գխաւոր քարտուղարի պաշտօնը կը զբաղցնէր 14 ապրիլ 2017-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment