Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Բանակցութիւններուն Մէջ ԼՂ-ն Ընդգրկելու Համար Անհրաժեշտ է Պաքուի ու Երեւանի Համաձայնութիւնը». Լաւրով

«Բանակցութիւններուն Մէջ ԼՂ-ն Ընդգրկելու Համար Անհրաժեշտ է Պաքուի ու Երեւանի Համաձայնութիւնը». Լաւրով

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն Ստեփանակերտը ընդգրկելու համար անհրաժեշտ է Պաքուի եւ Երեւանի համաձայնութիւնը, ինչը դեռ չկայ, Մոսկուայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Ներկայիս երկկողմ ձեւաչափը փոխելու համար կը պահանջուի երկու կողմերու համաձայնութիւնը: Որքան մենք գիտենք, այդպիսի համաձայնութիւն չկայ, եւ ես, անկեղծ ըսած, նախապայմաններ չէի դներ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման էական հարցերու քննարկումը սկսելու համար», – ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրովը յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններէն դուրս մնացած է Հայաստանի նախկին իշխանութիւններու առաջարկով:

«Ժամանակին Ղարաբաղի ներկայացուցիչները կը մասնակցէին բանակցութիւններուն: Հայաստանի ղեկավարութեան առաջարկով այդ գործելաոճը փոխուեցաւ, ու արդէն շատ տարիներ բանակցութիւնները ուղիղ կ’ընթանան միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւե, – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը` նշելով, որ «բնականաբար, մենք կ’ելլենք այն բանէն, որ Երեւանը բանակցային իր դիրքորոշումներուն մէջ հաշուի կ’առնէ Ղարաբաղի մօտեցումները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment