Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գործարարութեամբ Զբաղուիլը Հայաստանի Մէջ Հեշտացած է. ՀՊ Զեկոյց

Գործարարութեամբ Զբաղուիլը Հայաստանի Մէջ Հեշտացած է. ՀՊ Զեկոյց

by MassisPost

Համաշխարհային դրամատան  «Գործարարութիւն 2019» զեկոյցի համաձայն պիզնեսի դիւրինութեան կամ այսպէս կոչուած «Doing business»-ի ցուցանիշով Հայաստանը 41-րդն է ուսումնասիրուած 190 երկրներու շարքին: Նախորդ զեկոյցին մէջ, ի դէպ, Հայաստանը 47-րդն էր:

Յատկանշական է, որ զեկոյցին մէջ ընդգրկուած են մինչեւ տուեալ տարուան մայիս ամիսը տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, հետեւաբար դիրքի բարելաւումը Հայաստանի նախորդ իշխանութիւններու աշխատանքի արդիւնքն է եւ կապ չունի յեղափոխութեան հետ:

Միաժամանակ, Համաշխարհային դրամատունը  փոխած է 2019-ի համար Հայաստանի տնտեսական աճի կանխատեսումները՝ նախորդ 4-ի փոխարէն ակնկալելով 4.3 տոկոսի աճ: ՀՊ Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Սիլվի Պոսութղոն կը կարծէ, երկիրը թէեւ անցումային փուլի մէջ է այժմ, բայց նոր կառավարութենէն դրական ուղերձներ կը ստանան:

«Տնտեսական աճը գերազանցեց մեր սպասումները, այն պայմանաւորուած է արտահանման՝ կանխատեսուածէն բարձր ցուցանիշով, վարկաւորման աճով, դրամական փոխանցումներով, ներդրումներով: Իհարկէ պէտք է հետեւինք զարգացումներուն, բայց ուղերձները, որոնք կը լսենք, բոլորն ալ դրական են, ինչպէս պիզնեսի, շուկաների ազատականացում ու խաղի հաւասար պայմաններու ստեղծումն է», – հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ նշած է Պոսութղոն:

Պիզնեսը կանխատեսելիութիւն կը սիրէ, շեշտած է Համաշխարհային պանքի ներկայացուցիչն ու յոյս յայտնած, որ յառաջիկային կառավարութեան կողմէ այս հարցին վերաբերեալ գործօն քայլեր կը տեսնէ:

Գործարար Սամսոն Գրիգորեանի համար ամենատեսանելի փոփոխութիւնը վերջին ամիսներուն արձանագրուած է․ ըսած է՝ կաշառակերութիւնը զգալիօրէն նուազած է:

«Ինչ վերաբերում է կաշառակերութեան վերացման հետ կապուած գործարարի աւելի վստահ աշխատանքին՝ դա, միանշանակ, կայ: Գործարարը համոզուած է, որ իր գլխին ինչ֊որ մի բան չի սարքուելու հիմա», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ան:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի պաշտօնակատար Տիգրան Խաչատրեանի հաւաստմամբ, կառավարութեան հեռանկարային ծրագիրն է պիզնեսի դիւրինութեան աստիճանին վրայ յայտնուիլ լաւագոյն տասնեակի շարքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment