Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գագիկ Ծառուկեան․ «Ես Պիտի Գլխաւորեմ Մեր Ցուցակը»

Գագիկ Ծառուկեան․ «Ես Պիտի Գլխաւորեմ Մեր Ցուցակը»

by MassisPost

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ պիտի գլխաւորէ կուսակցութեան եւ «Ծառուկեան» դաշինքի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը: Այդ մասին յայտարարած է Ծառուկեանը՝ Ազգային ժողովին մէջ, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին:

«Դո՞ւք էք գլխաւորելու ձեր նախընտրական ցուցակը», – այս հարցին ան պատասխանած է․ – «Այո, ես եմ գլխաւորելու, ցուցակն էլ կազմելու եմ, դեռ մտածում եմ՝ ոնց կազմեմ, ոնց անեմ, որ փոփոխութիւններ լինեն»:

Թէ ովքեր ընդգրկուած պիտի ըլլան ցուցակին մէջ եւ ինչ սկզբունքով այն պիտի կազմեն՝ այդ կապակցութեամբ Ծառուկեան ըսած է․ – «Ամէն ինչն էլ ուշադրութիւն եմ դարձնելու»:

«Ազատութեան» մէկ այլ հարցի՝ ընդդիմութի՞ւն պիտի ըլլան, թէ՞ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան հետ դաշինք պիտի կազմեն, ան արձագանգած է․ – «Ես հիմա չեմ կարող ասել: Իմ ժողովուրդը որը ուզի, ոնց ցանկանայ՝ ես դրա կողմնակիցն եմ, անձնական շահ չունեմ»:

«Ձեզ համար միեւնո՞յնն է՝ ընտրութիւններին կը մասնակցէք փոփոխուա՞ծ, թէ՞ հին Ընտրական օրէնսգրքով», – այս հարցին ալ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի առաջնորդը պատասխանած է․ – «Իմ համար միեւնոյնն է, հիմնական խնդիրը՝ որ էսօր դա ժողովուրդն է ուզում, ես իմ համար նա էլ ա լաւ, նա էլ ա լաւ: Բայց ամենակարեւորը՝ որ նորից չխառնեն: Ծառուկեանի քարը շատ ծանր ա»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment