Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոյեմբեր Մէկին Ազգային Ժողովը Ազատ Պիտի Արձակուի. Նիկոլ Փաշինեան

Նոյեմբեր Մէկին Ազգային Ժողովը Ազատ Պիտի Արձակուի. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Նոյեմբեր 1-ին Ազգային ժողովը ազատ պիտի արձակուի, յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, չբացառելով, որ չորեքշաբթի օր կրնայ չընտրուելու նախապայմանով կրկին առաջադրուիլ որպէս վարչապետի թեկնածու:

Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու համար, յիշեցնենք, անհրաժեշտ է, որ եկող շաբաթ ԱԺ երկրորդ անգամ չընտրէ նոր վարչապետ։

«Մենք կ’ունենանք արձակուած խորհրդարան, թէ ինչ սենարով մի քանի օր է մնացել, կը տեսնենք։ Նիստը պէտք է լինի Նոյեմբերի 1-ին եւ ես չեմ բացառում, որ կառաջադրուեմ ուղղակի ես նախորդ քննարկման ժամանակ չհասցրեցի ասել այն ամէնը, ինչ-որ կը ցանկանայի ասել», – նշած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։

Վարչապետի պաշտօնակատարը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ արձագանգած է նաեւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի յայտարարութեան։ Հանրապետական կուսակցութեան կարկառուն ներկայացուցիչը, մասնաւորապէս, խօսելով ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Պոլթընի Հայաստան կատարած այցի արդիւնքներուն մասին, գրած էր՝ նոր կառավարութիւնը «աւերում է այն ինչը ստեղծուել է տասնամեակներով»։

«Եթէ Վիգէն Սարգսեանը սովոր է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է ծուռ վզով եւ կիսածնկած վիճակում արտաքին քաղաքականութիւն վարեն, եւ դա է նրա պատկերացման արտաքին քաղաքականութիւնը, ես ուզում եմ հիասթափեցնեմ Վիգէն Սարգսեանին եւ իր բոլոր գործընկերներին։ Հայաստանի իշխանութիւնները վարում են շատ յստակ, ինքնավստահ եւ արժանապատիւ երկրին վայել արժանապատիւ քաղաքականութիւն», – արձագանգած է վարչապետի պաշտօնակատարը։

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով նախկին իշխանութիւնները կ’առաջնորդուին հին տրամաբանութեամբ եւ ատոր պատճառով ալ իր յայտարարութիւններուն մէջ քուլիսային գործարքներ կը փնտռեն։

Օրեր առաջ Հայաստան ժամանած ԱՄՆ նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընը ըստ էութեան նոր իշխանութիւններուն ամերիկեան սպառազինութիւն ձեռք բերելու առաջարկ ըրած էր։ Լրագրողները վարչապետի պաշտօնակատարէն հետաքրքրուած են, ի վերջոյ Հայաստանը պիտի գնէ՞ սպառազինութիւն Միացեալ Նահանգներէն։

«Կառավարութիւնը որեւէ բանով սահմանափակուած չէ, եթէ ԱՄՆ-ից կը լինի մեզ համար շահաւէտ առաջարկ մենք կը քննարկենք», – ըսած է Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment