Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ճոն Պոլթըն Ընդգծած են Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Զարգացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ճոն Պոլթըն Ընդգծած են Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Զարգացնելու Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 25 Հոկտեմբերին ընդունած է ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ վարչութիւնը, ողջունելով պատուիրակութեան այցը Հայաստան`

Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Ուրախ եմ հիւրընկալելով նման բարձր մակարդակի պատուիրակութեան, ինչ որ պատմական է Հայաստանի համար: Շատ կարեւոր է ԱՄՆ-ի հետ ունենալ բարձր մակարդակի շփումներ, եւ մեր կառավարութիւնը կարեւոր կը համարէ հայ-ամերիկեան աշխոյժ երկխօսութիւնն ու սերտ փոխգործակցութիւնը»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ նշած, որ այժմ մեր երկիրը կ՛ապրի պատմական ժամանակաշրջան: «Սիրոյ եւ համերաշխութեան ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով տեղի ունեցող գործընթացները հիմնուած են բացառապէս ժողովրդավարական արժէքներու վրայ: Այժմ մենք կ՛աշխատինք, որպէսզի ստեղծենք եւ ամրապնդենք կայուն ու կայուն ժողովրդավարական պետութիւն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` կարեւոր համարելով մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը, թափանցիկ կառավարման համակարգի, անկախ դատական համակարգի ամրապնդումը միջազգային գործընկերներու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնքով: Ան շեշտած է, որ Հայաստանը հաստատակամ առաջ կ՛երթայ ժողովրդավարութեան զարգացման ճանապարհով, որ մեր հասարակութեան համար ներքին համոզում է եւ արժէք:

Ճոն Պոլթըն շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջերմ ողջոյնները: ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը նշած է, որ Հայաստանի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ժամանակաշրջանին իրենք կարեւոր կը նկատեն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը:

Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Մասնաւորապէս, անոնք անդրադարձած են մեր երկիրներու ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, տնտեսութեան, արդարադատութեան համակարգի, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնման եւ կարեւոր համարած են երկկողմ փոխգործակցութեան նոր թափ հաղորդելուն միտուած հետեւողական քայլերու իրականացում: Այդ առումով, Փաշինեան եւ Պոլթըն ընդգծած են նման բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները աւելի յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շուրջ: Երկու կողմերը կարեւոր համարած են հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս եւ բանակցային գործընթացի համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը:

Կողմերը քննարկած են նաեւ միջազգային եւ յատկապէս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող շարք մը այլ հարցեր:

Ճոն Պոլթընը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ ըսած է, որ ԱՄՆ-ն կ’ուզէ դիտարկել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ռազմական թեխնիքայի վաճառքի հարցերը:

«Բայց կան բացառութիւններ։ Եւ ինչպէս ըսի վարչապետին՝ եթէ խնդիրը այն է, որ ընտրութիւն պէտք է կատարես ռուսական եւ ամերիկեան ռազմական թեխնիքա գնելու միջեւ, մենք կը նախընտրէինք վերջին տարբերակը։ Մենք կը կարծենք, որ մեր թեխնիքան ամէն պարագայի աւելի լաւ է, քան ռուսականը: Այնպէս որ, կ’ուզենք դիտարկել այդ հնարաւորութիւնը: Կը կարծեմ, որ այն կ’աւելացնէ Հայաստանի հնարաւորութիւնները, երբ այն ամբողջովին կախուած չէ մէկ գերտէրութենէ։ Ես կը հասկնամ աշխարհագրական դիրքի եւ պատմական իրողութիւններու հետ կապուած հարցերը, բայց կը կարծեմ՝ ժամանակն է լաւատես ըլլալու, որ Հայաստանը կրնայ աւելի տեսանելի ըլլալ համաշխարհային ասպարէզի մէջ: ԱՄՆ-ը Հարաւային Կովկասը ռազմավարական առումով շատ կարեւոր տարածաշրջան կը համարէ։ Այնպէս որ, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելը շատ բարձր առաջնահերթութիւն է [Թրամփի] վարչակազմին համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment