Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը Յաղթեց Էջմիածինի եւ Արմաւիրի Մէջ, Պարտուեցաւ Կապանի Մէջ

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը Յաղթեց Էջմիածինի եւ Արմաւիրի Մէջ, Պարտուեցաւ Կապանի Մէջ

by MassisPost

Համայնքի ղեկավարի արտահերթ ընտրութիւններ իրականացուած են ինը մարզի քառասունինը համայնքի մէջ։
Ընտրութիւններ իրականացուած են նաեւ չորս խոշոր քաղաքի՝ Էջմիածին, Արմաւիր, Հրազդան, Կապան։
Արմաւիրի մարզի քաղաքներուն մէջ՝ Արմաւիրի եւ Էջմիածինի մէջ յաղթած են Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի թեկնածուները։

Էջմիածինի մէջ քաղաքապետ ընտրուած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Տիանա Գասպարեանը. ըստ նախնական տուեալներու Հայաստանի առաջին ընտրուած կին քաղաքապետը ստացած է 8076 ձայն: Երկրորդ տեղը գրաւած է Սուրէն Մուրատեանը՝ 3699 ձայնով: Էջմիածինի քաղաքապետի ընտրութիւններուն ցած մասնակցութիւն գրանցուած է. ընտրութիւններուն մասնակցած է 45278 ընտրողներէն 15826-ը, ինչը կը կազմէ ընտրողներու 34,95 տոկոսը։ Համեմատութեան համար նշենք, որ յաղթած թեկնածուի ստացած քուէներն ալ շատ աւելի պակաս են, քան նախորդ երեք ընտրութիւններուն այս համայնքի մէջ յաղթած քաղաքապետինը։

Արմաւիրի մարզի Արմաւիր համայնքին մէջ քաղաքապետ ընտրուած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջադրած թեկնածու Դաւիթ Խուդաթեանը: Նախնական տուեալներով ՔՊ-ական թեկնածուի օգտին քուէարկած է 6693 ընտրող: Երկրորդ տեղը գրաւած է Օհան Յարութիւնեանը՝ հաւաքած է 1626 ձայն, իսկ երրորդը՝ Սեւակ Մինասեանը՝ 1288 ձայնով: Արմաւիրի մէջ Հոկտեմբեր 21-ին կայացած քաղաքապետի արտահերթ ընտրութիւններուն 26 հազար 36 ընտրողէն մասնակցած է ընդամէնը 8 հազար 969-ը:

Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքին մէջ քաղաքապետ ընտրուած է ինքնաառաջադրուած թեկնածու Սեւակ Միքայէլեանը, որ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանի որդին է: Նախնական տուեալներով ան ստացած է 10681 քուէ, իսկ անոր միակ մրցակիցը՝ Լեւոն Ստեփանեանը՝ 4819 քուէ: Սեւակ Միքայէլեանը «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ է, սակայն կուսակցութիւնը յայտարարած էր, որ Հրազդանի քաղաքապետի թեկնածու պիտի չառաջադրէ եւ պիտի չսատարէ որեւէ թեկնածուի: Հրազդան քաղաքին մէջ 44154 ընտրողներէն քուէարկութեան մասնակցած է 16259-ը, ինչը կը կազմէ ընտրողներու 36,82 տոկոսը։

Կապանի մէջ անկուսակցական Գէորգ Փարսեանը յաղթած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Նարեկ Պապայեանին: Ըստ նախնական տուեալներու Գէորգ Փարսեանը ստացած է 10507 ձայն, Նարեկ Պապայեանը՝ 8499 ձայն: Կապան խոշորացուած համայնքին մէջ գրանցուած 34969 ընտրողէն քուէարկութեան մասնակցած է 19503-ը, որ կը կազմէ ընտրողներու 55.77 տոկոսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment