Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Սուրբ Հողի Երեք Յարանուանութիւններու Պատրիարքները Նամակով Դիմած են Իսրայէլի Վարչապետին

Սուրբ Հողի Երեք Յարանուանութիւններու Պատրիարքները Նամակով Դիմած են Իսրայէլի Վարչապետին

by MassisPost

Սուրբ Հողի երեք յարանուանութիւններու պատրիարքները նամակով դիմած են Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին՝ պահանջելով չեղեալ յայտարարել Քնեսեթի մէջ քննարկուելիք օրինագիծը, որով հրէական պետութեան իրաւունք կը վերապահուի բռնագրաւել եկեղեցապատկան կալուածները:

Ըստ այդ օրինագիծին, Քնեսեթի մէջ նաեւ նոր յանձնաժողով պիտի ստեղծուի, առանց որուն թոյլտուութեան քրիստոնէական պատրիարքարանները հողերու վարձակալում չեն կրնար իրականացնել: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրառում կատարած էր, մասնաւորաբար նշելով, որ «Հոգեւոր Պետերը օրինագիծը անուանած են ամօթալի եւ նամակին մէջ յիշեցուցած են տիար Նաթանիահուին, որ յուլիս ամսուն Հոգեւոր Պետերուն ուղղուած իր նամակին մէջ ան վստահեցուցած էր վերջիններուս, որ օրինագիծը պէտք է ետ կանչուի»:

Քնեսեթի մէջ «Քուլանու» կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր Ռախել Ազարիան է օրինագիծի հեղինակը ու իր համոզմամբ եկեղեցական հողերու մասին օրէնքը կու գայ պաշտպանելու Երուսաղէմի այն բնակիչները, որոնք կը բնակին եկեղեցապատկան հողերու վրայ ու հողերու վաճառքի պատճառով չեն դուրս չեն մնար: Տիկին Ազարիան իր տեսակէտը ներկայացուցած էր դեռ յունիս ամսուն հրէական «Ճերուսալեմ Փոսթ» հեղինակաւոր հանդէսին տուած հարցազրոյցին մէջ: Մարտ ամսէն մինչեւ օրս այս խնդիրը դեռ չէ լուծուած ու թէ՛ Նաթանիահուի, թէ՛ տարածքային կառավարման նախարար Ցախի Հանեկպիի յայտարարութիւններուն հակառակ տիկին Ազարիան կը շարունակէ որոշակի փոփոխութիւններով քրիստոնեաներու հողերու բռնագրաւման հետ կապուած իր նախագիծը քննարկման բերել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment