Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումը Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Պատուիրակութեան Հետ

Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումը Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Պատուիրակութեան Հետ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Պէյրութի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեսակցութիւններ ունեցաւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններուն հետ:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի գլխաւորած Վարիչ Մարմինի պատուիրակութեան հետ, որուն նաեւ մաս կը կազմեր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան, Փաշինեան կարեւորեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ քննարկումները` Հայաստանի զարգացման, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ յարաբերութիւններու սերտացման եւ համահայկական օրակարգի հարցերուն շուրջ: Ան ընդգծեց իր առանձնայատուկ վերաբերմունքը լիբանանահայութեան եւ երիտասարդութեան նկատմամբ` շնորհակալութիւն յայտնելով Թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ կուսակցութեան աջակցութեան եւ աշխոյժ դիրքորոշումին համար:

Ընկ. Գալփաքեան Հնչակեան կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Փաշինեանին եւ անոր առաջարկած փոփոխութիւններուն: Ան կոչ ուղղեց առաւել կարեւորութիւն տալու երեք գլխաւոր կէտերու. առաջին` Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, որուն պէտք է շատ ուշադիր ըլլալ: Երկրորդ` ժողովրդավարութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու բարելաւումը, այնպէս մը, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացին ինքզինք զգայ լաւապէս պաշտպանուած: Երրորդ` Հայ Դատի թղթածրարի հետապնդումը յառաջիկայ տարիներուն:

Ժողովին ընթացքին նաեւ քննարկուեցաւ Սփիւռքի մէջ շատ մը ընտանիքներու ինքնաբուխ հայրենադարձութեան որոշումի երեւոյթին մասին: Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը առաջարկեց յառաջիկային յաւելեալ քայլերու դիմել, դիւրացնելու համար այդ ընտանիքներուն վերադարձը եւ Հայաստանի մէջ հաստատումը:

 

Պէյրութի Քաղաքապետութեան Անդամ Արամ Մալեան Հանդիպած է Երեւանի Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի Հետ

Երեւանի մէջ երէկ նշուեցաւ քաղաքի հիմնադրութեան 2800-ամեակը: Այս առթիւ տօնախմբութիւններ կազմակերպուեցան քանի մը հրապարակներու վրայ` մշակութային, մարզական, բնապահպանական եւ այլ ձեռնարկներ:

Տօնական հանդիսութիւններուն ներկայ էին արտերկրէն պատուիրակութիւններ:

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան երէկ ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեանը, որուն հետ քննարկեց երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը:

Մարութեան Մալեանին շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւան այցելելու հրաւէրը ընդունելու համար: Ան կարեւորեց Պէյրութի հետ Երեւանի գործընկերային եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Մալեանի անձնական աւանդը այդ գործին մէջ: Անդրադառնալով երկու քաղաքներուն միջեւ հաստատուած համագործակցութեան, քաղաքապետ Մարութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց զայն աւելի եւս զարգացնելու եւ նոր մակարդակի վրայ դնելու: Մալեան Պէյրութի քաղաքապետին անունով շնորհաւորեց Երեւանի հիմնադրութեան տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Մարութեանի քաղաքապետ ընտրութիւնը:

Ան վստահեցուց, որ իր լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ պիտի շարունակէ հնարաւորը ընել, որպէսզի Երեւանի եւ Պէյրութի միջեւ համագործակցութիւնը ներառէ քաղաքային տնտեսութեան զանազան ոլորտներ, որովհետեւ անոր համար մեծ ներուժ կայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment