Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան յայտարարած է, որ կը պատրաստուի նոր կուսակցութիւն հիմնել Հայաստանի մէջ։ Քոչարեան այս մասին ըսած է ռուսական «Ռիա նովոստի» ծառայութեան տրուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Ան նաեւ ըսած է, որ կուսակցութեան անուանումը սկզբունքային չէ: «Ընդդիմադիր դաշտում լուրջ վակուում եմ տեսնում եւ կարծում եմ, որ պէտք է լցնել այն ի շահ երկրի», – ըսած է Քոչարեանը:
Ռոպէրթ Քոչարեանը նշած է, որ բարձր պաշտօն գրաւելու ձգտում չունի, այլապէս 10 տարի չէր ապրէր հասարակութիւնէն հեռու կեանք մը։ «Իրադարձութիւններն այնպէս են զարգանում, որ իրավիճակը քեզ ներքաշում է գործընթացի մէջ, որից չես կարող զերծ մնալ՝ ելնելով կենսագրութիւնից, բնաւորութիւնից եւ կեանքի դիրքորոշումից», – ըսած է ան։
Քոչարեանը ըսած է, որ ան պիտի չմասնակցի Դեկտեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու: «Ես անկուսակցական եմ եղել: Դա նշանակում է, որ զրոյից պէտք է կուսակցութիւն ստեղծել, նորացուած թիմով», – ըսած է ան ՝ աւելացնելով, որ ըլլալիք գործընթացներուն մէջ պէտք է ներգրաւել նոր, տաղանդաւոր, երիտասարդ մարդոց, ի հարկէ, բերելով նաեւ իր նախկին թիմի անդամները: