Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի Հրաժարականէն Ետք

Վարչապետի Հրաժարականէն Ետք

by MassisPost

Ինչպէս որ յայտարարուած էր, Հոկտեմբեր 16-ին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց իր հրաժարականը: Յաջորդ երկու շաբաթներուն քաղաքական գետնի վրայ Հայաստանէն ներս պիտի տիրէ անորոշութիւն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ապահովել գործող Խորհրդարանի անցնցում լուծարումը` օրէնքով նախատեսուած բաւական բարդ գործընթացներէ ետք:

Առաջին քայլը պիտի կատարուի վարչապետի հրաժարականէն եօթը օր ետք, երբ Ազգային Ժողովը պէտք է գումարէ նիստ եւ չընտրէ նոր վարչապետ: Այնուհետեւ, եօթ որ եւս սպասելէ ետք, պէտք է գումարուի երկրորդ նիստ ու քաղաքական համաձայնութեամբ, դարձեալ վարչապետի ընտրութիւն պէտք չէ տեղի ունենայ եւ Խորհրդարանը նկատուի լուծարուած:

Վարչապետի այս սպասուող քայլը քաղաքական շրջանակներու եւ լայն հասարակութեան մօտ մտահոգութիւն յառաջացուցած էր, որ տապալուած համակարգի ներկայացուցիչները կրնան դիմել քայլերու` իրենց կորսնցուցած իշխանութեան վերատիրանալու նպատակով, որուն ժողովրդային հակազդեցութիւնը անկասկած պիտի ըլլայ շատ խիստ եւ կտրուկ, սակայն միաժամանակ երկիրը դնելով նոր ցնցումներու առջեւ:

Վերջին օրերուն սակայն, այդ մտավախութիւնները մեծ մասամբ փարատած կը թիւին ըլլալ, Փաշինեանի կողմէ առնուած յստակ եւ վճռական քայլերուն շնորհիւ, որոնք եկան չէզոքացնելու այլ հաւանականութիւնները:

Խորհրդարանէն ներս ներկայացուած բոլոր ուժերը արդէն իսկ յայտարարած են, որ նպատակ չունին վարչապետի սեփական թեկնածու առաջադրելու եւ ակամայ հաշտուած են Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու գաղափարին հետ:

Ամէն ինչ նախատեսուածին նման ընթանալու պարագային, Հայաստան պիտի թեւակոխէ նախընտրական հանգրուան եւ մեծ են յոյսերը, որ երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք, Հայաստանի մէջ տեղ պիտի ունենան ազատ, արդար եւ թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ ժողովուրդը առիթ պիտի ունենայ ընտրելու իր նախընտրած թեկնածուին, առանց իշխանական ճնշումներու, առանց թաղային հեղինակութիւններու միջամտութեան եւ ամենէն կարեւորը` առանց կաշառքի:

Այսպիսով, Վարչապետի հրաժարական կը հանդիսանայ առաջին քայլը` թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր լրումին հասցնելու ուղղութեամբ, որմէ ետք կ’ունենանք նոր որակի Հայաստան:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment