Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Մահացած է Աշխարհահռչակ Պոլսահայ Լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը

Մահացած է Աշխարհահռչակ Պոլսահայ Լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը

by MassisPost

Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին  մէջ  գտնուող պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա  Կիւլէրի  անունը կրող սրճարանին   մէջ  տխուր են․ Արա  «պէյ»ի  սիրած սեղանին  դրուած  են  ծաղիկներ ու լուսանկարներ։

Նշանաւոր արուեստագէտը  մահացած է  17 Հոկտեմբերի  ուշ երեկոյեան Շիշլիի հիւանդանոցին մէջ 90 տարեկան հասակին  սրտի կաթուածի հետեւանքով:  Պոլսոյ  մէջ կը  սգան  հանրայայտ լուսանկարչի մահը, մարդիկ ցաւակցելու   կու գան   քաղաքի սիրուած վայրերէն  մէկը համարուող՝ «Արա-գաֆէ»։

Ան յաճախ  ներկայ  կ՚ըլլար  իր անունը կրող սրճարանին մէջ.  Համեստ կերպով կը  նստէր  անկիւն մը,  օրուան մամուլը  կը թերթէր։ Անոր արուեստի  երկրպագուներն  ալ առիթ  կ՚ունենային  հանդիպիլ  եւ  զրուցել վարպետին  հետ:

Սրճարանի սեփականատէր Եաշար Քարթօղլուն   կ՚ըսէ, թէ  Կիւլէրի ժառանգութիւնը համաշխարհային նշանակութիւն ունի․ – «Կիւլէրը  պոլսեցի է, ուր  կ՚ապրին  տարբեր ազգեր՝ հայեր  եւ  յոյներ։  Ան ուշադիր   կերպով  կը  հետեւէր  քաղաքի կեանքի,  բան մը որ կ՚արտացոլար   իր   աշխատանքներուն  մէջ։  Կիւլէրի  ձգած ժառանգութիւնը ո՛չ թուրքերուն, ո՛չ էլ հայերուն    կը պատկանի,  այլ ամբողջ  աշխարհին։ Բնականաբար   Կիւլէրի   լուսանկարները   մեծաւ մասամբ   կը  վերաբերի  Թուրքիոյ,  սակայն ան  այցելած է  բազմաթիւ երկիրներ եւ   լուսանկարած  է շատ բաներ։  Ի  վերջոյ Արա Կիւլէրը   հին Պոլսոյ վերջին վաւերագիրն էր»։

Թուրքիոյ  նախագահ Ռէճէփ  Թայէփ Էրտողան մեծ  հայորդիի մահուան  կապակցութեամբ  հեռաձայնած  ու ցաւակցութիւն յայտնած անոր հարազատներուն:

Ցաւակցական հեռագիր  յղած է  նաեւ  Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար ՝ Նիկոլ  Փաշինեանը։

Միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու  արժանացած Արա Կիւլէրը ծնած է Պոլսոյ մէջ 1928 թուականին: Դեռ դպրոցական տարիքէն  հետաքրքրուած  է  թատրոնով,   սինեմաշխարհով եւ լուսանկարչութեամբ: Զինք  անուանած  են «Ստամպուլի աչք», «Ակնթարթի որսորդ», «100-ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչ», «Անգերազանցելի ֆոտոպատմաբան»: Ան իր լուսանկարներուն  մէջ  պատկերած է  է հին ու նոր Պոլիսը, Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներն ու յուշարձանները: Կիւլէրի  ոսպնեակը  «որսացած» է այնպիսի նշանաւոր դէմքեր, ինչպիսին  են Ուինսթըն Չըրչըլը, Փապլո Պիկասոն, Սալւատոր Տալին, Սոֆիա Լորէնը, Ուիլեամ Սարոյեանը, Սերգէյ Փարաջանովը եւ ուրիշներ։

Ամիս մը  առաջ  Պոլսոյ Պոմոնթի գարեջուրի գործարանի պատմական շէնքին  մէջ  բացուեցաւ մեծանուն արուեստագէտի թանգարանը, ուր  ներկայացուած  են  Կիւլէրի արխիւային լուսանկարները,  անոր  գրած պատմուածքները, նօթերը, տեսանիւթերը, նկարները, անձնական իրերը, գիրքերը  եւ  լուսանկարչական սարքերը:

Մեծ  լուսանկարիչին    յուղարկաւորութեան եւ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուին    յառաջիկայ  շաբաթ  օր  Պոլսոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիին  մէջ,  ապա անոր աճիւններ   պիտի ամփոփուին Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment