Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ճասթին Թրիւտօն Քննարկած են Հայ-Գանատական Յարաբերութիւնները

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ճասթին Թրիւտօն Քննարկած են Հայ-Գանատական Յարաբերութիւնները

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Բաղրամեան 26–ի մէջ պաշտօնապէս ընդունած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն: Ընդունելութեան պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ դեսպանները, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը:

Յիշեցնենք, որ Գանատայի վարչապետը Հայաստանի կը գտնուի պաշտօնական այցով: Աւելի վաղ ան ներկայ գտնուած էր Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի միջոցառումներուն:

Ճասթին Թրիւտօն հանդիպում ունեցած է նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին երկրորդի հետ: Ի պատիւ Գանատայի վարչապետին կը նախատեսուի պաշտօնական ընթրիք Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով։ Նախատեսուած է նաեւ այց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment