Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճոն Պոլթըն Յառաջիկային Հայաստան Պիտի Այցելէ

Ճոն Պոլթըն Յառաջիկային Հայաստան Պիտի Այցելէ

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յաջորդ շաբաթավերջին պիտի մեկնի նախկին խորհրդային տարածք:

Ուղեւորութեան ընթացքին Պոլթըն պիտի այցելէ Ռուսաստան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան:

«Թուիթըր»ի իր էջին հաղորդելով գործընկերներուն հետ կատարելիք այցերուն մասին, Պոլթըն գրած է, որ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ պիտի հանդիպի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, նպատակ ունենալով «առաջ տանել ամերիկեան շահերը՝ կարգ մը խնդիրներու, այդ շարքին անվտանգութեան բնագաւառի մէջ»:

Իրաւաբան եւ քաղաքական վերլուծաբան Ճոն Պոլթըն նաեւ փորձառու դիւանագէտ է: Հանրապետական նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերի օրօք՝ 2005-2006 թուականներուն, ան կը զբաղեցնէր ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանի պաշտօնը:

Անոր կը դասէին կոշտ քաղաքական գործիչներու շարքին, ան շատ խիստ գնահատականներ հնչեցուցած է, մասնաւորապէս, Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի հասցէին:

Հետեւաբար Երեւան կատարելիք այցի ընթացքին Պոլթըն Հայաստանի ղեկավարներուն հետ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի անդրադառնայ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի օրէ օր սրուող ճգնաժամին:

Վերլուծաբաններու կարծիքով, Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընդհանուր առմամբ, ըմբռնումով կը գնահատեն Հայաստանի եւ Իրանի բարիդրացիական յարաբերութիւնները՝ գիտակցելով, որ երկու երկիրներու կողմէն շրջափակուած Հայաստանի համար մեծ նշանակութիւն ունի բնականոն եւ գործընկերական կապը հարեւան Իրանի հետ, ուր կ’ապրին մեծ թիւով հայեր:

Յամենայն դէպս, նախորդ վարչակարգերը հաշուի առած էր այդ հանգամանքները:

ТАСС ռուսաստանեան լրատուական գործակալութիւնը 3 հոկտեմբերին վկայակոչած  է Ռուսաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Հանթսմանին, որ ըսած է, թէ Պոլթըն Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի ռուսաստանցի պաշտօնակից Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ: Բանակցութիւններու թեմաներն են Սուրիան եւ Հիւսիսային Քորէան:

Անցած չորեքշաբթի օրը Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մարիա Զախարովան յայտնած է, որ կողմերը կը քննարկեն նաեւ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Պոլթընի հանդիպումը կազմակերպելու հնարաւորութիւնը:

«Եթէ այդ այցը կայանայ, մենք բաց ենք շփումներու համար: Պարոն Պոլթընի եւ նախարար Լաւրովի հանդիպումը միանգամայն հնարաւոր է», – նշած է Զախարովան:

Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Քորէայի խնդիրներէն զատ, ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը հաստատ պիտի արծարծէ ամերիկեան ընտրութիւններուն ռուսաստանցիներու ենթադրեալ միջամտութեան ցաւոտ խնդիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment