Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Սարգսեանն ու Էմանուէլ Մաքրոնը Այցելած են «Ազնաւուր» Կեդրոն

Արմէն Սարգսեանն ու Էմանուէլ Մաքրոնը Այցելած են «Ազնաւուր» Կեդրոն

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը այցելած են Երեւանի կեդրոնը գտնուող ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի կեցավայր։

«Ազնաւուր» կեդրոնին մէջ ճարտարապետ Արիս Ադամեանը՝ ներկայացնելով շէնքի վերակառուցման նախագիծը, ըսած է, որ այնտեղ պիտի գործէ փոխգործօն (ինթըրաքթիւ) թանգարան՝ նուիրուած Ազնաւուրի կեանքին եւ անոր անցած ճանապարհին, ինչպէս նաեւ կրթամշակութային կեդրոն, ուր պիտի դասաւանդուին շարժանկար, երաժշտութիւն եւ ֆրանսերէն։

Շէնքին մէջ շրջայցէն ետք, երկու երկիրներու նախագահները հանդէս եկած են ելոյթներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment