Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ Գագաթնաժողովը

Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ Գագաթնաժողովը

by MassisPost

Երեւանի մէջ մեկնարկած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, անոր տիկին Աննա Յակոբեանը, Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը եւ անոր ամուսինը մինչ գագաթնաժողովի պաշտօնական բացումը Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ դիմաւորած են Հայաստան ժամանած ֆրանքոֆոն երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է պատուիրակութիւններու ղեկավարներու համատեղ լուսանկարահանման արարողութիւն:

francophone-8

Գագաթնաժողովի շրջանակէն ներս Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ կնքուած է մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ՝ նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Շարլ Ազնաւուր» թեմային:

Ըստ կառավարութեան, Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած է 84 երկրի պատուիրակութիւն: Գագաթնաժողովին մասնակցած է 38 երկրի ղեկավար:

Գագաթնաժողովի թեման է «Ապրիլ միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանքոֆոն տարածաշրջանին մէջ»:

Որպէս Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովի խորհրդանիշ ընտրուած է նուռը՝ ի նշան ֆրանքոֆոն ողջ տարածքի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման:

francophone-5

«Հայաստանի համար մեծ պատիւ է, որ այս գագաթնաժողովի կազմակերպումը վստահուել է Հայաստանին», -Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովի բացման ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ընդգծելով, որ լիովին կը գիտակցին իրենց վրայ դրուած պատասխանատուութիւնը եւ կը ցանկան, որ այս իրադարձութիւնը բոլորի յիշողութիւններուն մէջ մնայ որպէս Կազմակերպութեան էական կեանքի բացառիկ պահերէն մէկը, ինչպէս նաեւ ֆրանքոֆոն համակեցութեան եւ համերաշխութեան կարեւոր դրսեւորում։

«Հայաստան բառը շատ նուրբ եւ յուզիչ զգացումներ կ’առաջացնէ ֆրանսացիներու հոգիին մէջ», -Երեւանի մէջ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի բացման իր ելոյթի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ընդունելութեան համար, ապա շնորհաւորելով «գագաթնաժողովի կատարեալ կազմակերպման համար»։

francophone-4

«Այսօր մեծ ընտանիք մը հաւաքուած է Երեւանի մէջ, մոլորակի մաշտաբներով ընտանիք մը, որ ներկայ է բոլոր մայրցամաքներուն մէջ։ Մենք բոլորս պատկանելով այդ ընտանիքին՝ չունինք մաշկի նոյն գոյնը, մեր աստուածները չունին նոյն անունները, մեզմէ ոմանք նաեւ չեն հաւատար Աստուծոյ: Մենք ունինք տարբեր աղբիւրներէ բխող պատմութիւն, մեր երգերը նման չեն իրար, անգամ եթէ նոյնանման հնչողութիւն ունին։ Մեր միջեւ եղած են վէրքեր, որոնք նոր կը սկսին փակուիլ», – յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment