Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած է Գործարար Սամուէլ Մայրապետեանը

Ձերբակալուած է Գործարար Սամուէլ Մայրապետեանը

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը ձերբակալած է գործարար Սամուէլ Մայրապետեանը:

Նախաքննական մարմնի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է այս տեղեկատուութիւնը՝ այլ մանրամասներ չհաղորդելով․ – «Հաստատում ենք, որ Սամուէլ Մայրապետեանը ձերբակալուել է, սակայն նախաքննութեան շահերից ելնելով, այս պահին այլ մանրամասներ չենք կարող յայտնել․․․ անգամ թէ որ գործի շրջանակներում է»:

Նախաքննական մարմինը առայժմ զերծ կը մնայ նշել, թէ մասնաւորապէս ինչ գործի շրջագիծէ ներս եւ ինչ յօդուածով կը կասկածուի յայտնի գործարարը՝ նշելով, որ անհրաժեշտ չեն համարեր այս պահուն այդ մասին յայտարարել։

Սամուէլ Մայրապետեանը գործունէութիւն կը ծաւալէ շինարարութեան ոլորտի մէջ, «Թոյոթա Երեւան» ընկերութեան նախագահն է, անոր կը պատկանի Հ2 հեռուստաընկերութիւնը: Հանրութեան լայն շրջանակներուն ան յայտնի դարձած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի օրօք՝ մայրաքաղաքի յայտնի Հիւսիսային պողոտայի կառուցման ժամանակ, երբ տարածքներ ձեռք բերած է այդտեղ:

Հանրային գերակայ շահ ճանչցուած այդ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային պողոտային կից տարածքներու նախկին բնակիչներէն շատերը դէմ ըլլալով կառուցապատման ու միեւնոյն ժամանակ անհամաչափ որակելով փոխհատուցումները, տարիներ շարունակ բողոքի ցոյցեր ըրած են ընդդէմ Մայրապետեանի։ Քաղաքացիներու այս ցոյցերը այդպէս ալ օգուտ չէին տուած Հայաստանի մէջ, եւ միայն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու Սթրասպուրկի մէջ՝ Եւրոպական դատարանը յօգուտ քաղաքացիներու վճիռներ կայացուցած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment