Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կարօ Կարապետեանի Սպանութեան Պատճառը Գոյքային Հարցերու Շուրջ Վիճաբանութիւնը Եղած է

Կարօ Կարապետեանի Սպանութեան Պատճառը Գոյքային Հարցերու Շուրջ Վիճաբանութիւնը Եղած է

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Կարօ Կարապետեանի սպանութեան պատճառը, ըստ նախնական վարկածի, գոյքային հարցերու շուրջ վիճաբանութիւնը եղած է, լրագրողներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարած է Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանը:

Ըստ Քննչական կոմիտէին, 6 հոկտեմբերին Երեւանի Նորք-Մարաշ վարչական շրջանին մէջ գտնուող «Այգի» ռեստորանային համալիրին մէջ ժամը 22:40-ի սահմաններուն հնչած կրակոցներէն՝ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Կարօ Կարապետեանը, որ հանրութեան յայտնի էր «Եուվեցի Կարօ» մականուամբ:

Նոյն ռեստորանային համալիրէն հրազէնային վնասուածքով «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն տեղափոխած էին Սարգիս Աւագեանը, որուն վիրահատած են:

Յաջորդ օրը Քննչական կոմիտէի ու Ոստիկանութեան հաղորդագրութիւններէն յայտնի դարձած է, որ Զովունիի մէջ յայտնաբերուած է Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Յարութիւն Ղարագիոզեանի («Քարամելի Յարութ») դին՝ գլուխի շրջանին հրազէնային վնասուածքով: Մահացածի աջ ձեռքին ատրճանակ եղած է, նախնական տուեալներով, Ղարագիոզեանը ինքնասպանութիւն գործած է։

ԱԺ նախկին պատգամաւորը, փաստօրէն, կը կասկածուէր «Եուվեցի Կարօ»-ի սպանութեան մէջ, որովհետեւ սպանութեան դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած էր Յարութիւն Ղարագիոզեանին պատկանող «Փիեթրօ-Պերեթթա» ատրճանակ, որ անոր 2001-ի մարտին պարգեւատրած էր այն ժամանակուայ վարչապետ, Հանրապետական կուսակցութեան նախկին նախագահ Անդրանիկ Մարգարեանը:

«Այս փուլում հանրութեանը յայտնի տեղեկութիւններից բացի չեմ կարծում, որ առայժմ որեւէ լրացուցիչ բաներ ունենք հաղորդելու։ Ունենք այն, ինչ ունենք, հանրութեանն էլ յայտնի են հանգամանքները՝ բաւականին մեծածաւալ ձեւով լուսաբանուել է։ Իւրաքանչիւր մահուան ելքով գործով միշտ առաջ է քաշուում եւ միաժամանակ ստուգուում վեց վարկած, ինքնասպանութիւնն էլ այդ վարկածներից մէկն է», – ըսած է Գրիգորեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment