Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռիչարտ Միլսը Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

Ռիչարտ Միլսը Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Փաշինեանը, ընդունելով դիւանագիտական առաքելութիւնը մեր երկրի մէջ աւարտող՝ ՀՀ–ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլսը, շնորհակալութիւն յայտնած է կատարած աշխատանքի եւ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ նշանակալի աւանդին համար: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած են ՀՀ–ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն։

«Ձեր պաշտօնավարման ընթացքում ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներում շարունակաբար զարգացել են եւ խորացել: Ցանկանում եմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ Ձեր հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար: Միացեալ Նահանգները կարեւոր գործընկեր են Հայաստանի համար, եւ համոզուած եմ, որ այսուհետ եւս հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերը կը շարունակեն ընդլայնուել», – նշած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ յաջողութիւններ մաղթելով Ռիչարտ Միլսին յետագայ գործունէութեան մէջ:

ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Փաշինեանին կառուցողական համագործակցութեան համար՝ նշելով, որ պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի բարեկամն ու սիրով պիտի պահպանէ կապերը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ: «Որպէս Միացեալ Նահանգներու դեսպան՝ իմ պաշտօնավարման ժամկէտը կը մօտենայ աւարտին, եւ ես հպարտութեամբ կ’արձանագրեմ մեր երկու երկիրներու շարունակաբար զարգացող կապերը բազմաթիւ ոլորտներու մէջ՝ պիզնեսէն մինչեւ պետական կառավարում եւ քաղաքացիական հասարակութիւն: Վստահ եմ՝ այս կապերը ալ աւելի պիտի ամրապնդուին յառաջիկայ տարիներուն: Այժմ, երբ կառավարութիւնն ու հայ ժողովուրդը կը նաւարկեն Հայաստանի պատմութեան այս կարեւոր ժամանակաշրջանին, ես լաւագոյնը կը մաղթեմ Ձեզի, պարոն վարչապետ», – ըսած է Ռիչարտ Միլսը:

Անոնք միտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան համագործակցութեան օրակարգի, ընթացիկ ծրագիրներու եւ զարգացման հեռանկարներու շուրջ:

Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ եղած է նաեւ վերջին շրջանին Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն:

Վարչապետ Փաշինեանը նշած է, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանը հաստատակամ առաջ կը շարժի ժողովրդավարութեան զարգացման, օրէնքի գերակայութեան ապահովման, կառավարման համակարգի թափանցիկութեան բարձրացման ճանապարհով:

Դեսպան Միլսը ողջունած է կառավարութեան քայլերն ու բարեփոխումները այս ուղղութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment