Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Մեկնարկը

Յեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Մեկնարկը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ տրուեցաւ յեղափոխութեան երկրորդ փուլի մեկնարկը: Նախաձեռնողը այս անգամ սակայն, «Հակայեղափոխութիւնն» էր, որ փորձեց խորհրդարանական նախաձեռնութեան միջոցաւ փակել Ազգային Ժողովի լուծարման պահանջով հանդէս եկող՝ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ճանապարհները:

Սարսափած Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն իրենց արձանագրած արդիւնքներէն, ԲՀԿ եի ՀՅԴ վերադարձան իրենց նախկին անկիւնը ու տեղաւորուելով ՀՀԿ-ի կողքին, փորձեցին վարչապետը դնել կատարուած իրողութեան առջեւ, խորհելով որ այդպիսով պիտի կարողանան երկարաձգել իրենց քաղաքական գոյութիւնը՝ Ազգային Ժողովէն ներս, մինչեւ որ մարի յեղափոխական ալիքը եւ ստեղծուին իրենց համար աւելի բարենպաստ ընտրական պայմաններ:

Փաշինեան, որ առաջին օրէն ճիշդ դուրս եկաւ իր բոլոր քայլերուն մէջ, անակնկալի բերելով իր կողմնակիցները ու առաւել եւս իր հակառակորդները, այս անգամ եւս երկար սպասել չտուաւ: ժամերու ընթացքին անցնելով հակագրոհի, ժողովուրդը դարձեալ հրաւիրեց փողոց: Բաղրամեան պողոտան ու Ազգային Ժողովի յարակից տարածքները լեցուեցան բազմահազար ժողովուրդով, որ կը շարունակէ մնալ վարչապետի գլխաւոր յենարանը:
Եթէ «Հակայեղափոխութիւնը» կը խորհէր, որ առաջին քայլը ինք առնելով պիտի հասնի որոշակի յաջողութեան, այս անգամ եւս սխալած դուրս եկաւ: Վարչապետը յայտարարեց, որ մօտ օրէն պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը ու առանց իշխանութիւնը յանձնելու, Դեկտեմբերին պիտի կայացնէ նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Այսօրուայ դրութեամբ, այս կը մնայ միակ ելքը, երկիրը դուրս բերելու՝ անորոշութեան եւ երկիշխան կառավարման դրութենէն: Մէկ կողմէ կայ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող կառավարութիւն եւ ասոր դիմաց՝ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած եւ հանրային նեցուկ չունեցող խորհրդարան:

Երկրի զարգացման ու յառաջխաղացքին համար անհրաժեշտ է ունենալ կառավարութիւն-խորհրդարան լայն համագործակցութիւն, որ կը բացակայի այսօր:

Ժամանակն եկած է որպէսզի «հակայեղափոխական» ուժերը ընդունին իրենց պարտութիւնը եւ համակերպելով ստեղծուած կացութեան հետ, իշխանութիւնը յանձնեն յաղթած կողմին: Այդ կը պահանջէ Հայաստանի շահը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment