Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եթէ Քաղաքական Իրավիճակով Պայմանաւորուած Սահմանին Լարուածութիւն Ըլլայ՝ ԶՈՒ-ն իր Առաջադրանքը Պիտի Կատարէ. Տօնոյեան

Եթէ Քաղաքական Իրավիճակով Պայմանաւորուած Սահմանին Լարուածութիւն Ըլլայ՝ ԶՈՒ-ն իր Առաջադրանքը Պիտի Կատարէ. Տօնոյեան

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը հաւաստիացուցած է, որ սահմանին իրավիճակը կայուն է։

«Վերջին օրերի համեմատ այսօր եղել է ամենացածր հրադադարի խախտման վիճակագրութիւնը»,- կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է նախարարը։

Հարցին, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իրավիճակի կայունութիւնը կը կապէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութեան հետ, արդեօք  նախարա՞րն ալ այդ կարծիքին է, Դաւիթ Տօնոյեանը պատասխանած է. «Մենք ստացել ենք հրահանգ՝ չթիրախաւորելու եւ պահպանելու հրադադարի ռեժիմը: Եւ դա մենք իրականացնում ենք»:

Լրագրողները նաեւ հետաքրքրուած են՝ վարչապետը յայտարարած է հրաժարականի դիմում ներկայացնելու մասին, արդեօք այն չազդեր սահմանային լարուածութեան վրայ, պաշտպանութեան նախարարն ըսած է, որ ինք այդպէս չի կարծեր:

«Ամէն դէպքում, մենք այս պահին հրադադարը պահպանում ենք եւ, եթէ քաղաքական իրավիճակով պայմանաւորուած լինի իրավիճակի փոփոխութիւն՝  Զինուած ուժերն իրենց առաջադրանքը կը կատարեն»,- յայտարարած է Դաւիթ Տօնոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment