Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանի Ունեցուածքի Ուսումնասիրութեան Արդիւնքները Պիտի Հրապարակուին Յառաջիկային

Ռոպերթ Քոչարեանի Ունեցուածքի Ուսումնասիրութեան Արդիւնքները Պիտի Հրապարակուին Յառաջիկային

by MassisPost

Կառավարութեան նիստէն ետք Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանէցեանը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի ունեցուածքի հետ կապուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին, եւ յառաջիկային պիտի հրապարակուին արդիւնքները:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնը մանրամասներ չէ յայտնած եւ հրաժարած է պատասխանել այլ հարցերու:

Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի հետ 11 Սեպտեմբերին հրաւիրած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Արթուր Վանեցեանը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ փաստեր պիտի հրապարակէ, թէ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ինչպէս կաշառք ստանալու միջոցաւ ձեռք բերած է Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող «Քոնկրէս» հիւրանոցը: Տեղեկացուց նաեւ, որ Քոչարեանի ունեցուածքի հետ կապուած այս Սեպտեմբերի սկիզբին պիտի յարուցուի քրէական գործ՝ փողերու լուացման յատկանիշով․ – «Ռոպերթ Քոչարեանի ընտանիքի ունեցուածքի մասին, որ ինքը հեռուստատեսութեամբ հանդէս է գալիս եւ ասում է՝ մենք ոչ մի բան չունենք․ փաստերով կը խօսենք, եւ կը հրապարակեմ, թէ ով ինչ ունի եւ ոնց ա ձեռք բերել: Ոնց ա ձեռք բերել «Քոնկրէս» հիւրանոցը՝ վեց միլիոն տոլար կաշառք վերցնելու արդիւնքում եւ մնացած այլ ունեցուածքները: Ունենք ստացած ցուցմունք, ունենք հիմնաւոր ապացոյցներ, քրէական գործը յարուցուել ա մի շաբաթ-տասը օր առաջ ունեցուածքի հետ կապուած, թէ որտեղից ա էկել: Ապօրինի հարստացում իրենց չի սպառնում, որովհետեւ ապօրինի հարստացումը չկայ, փողերի լուացում ա յարուցուել քրէական գործը»:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնը մանրամասնած էր, որ խօսքը մի քանի հարիւր միլիոն տոլարի մասին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment