Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով Քննարկած են Հայ-Ռուսական Դաշնակցային Յարաբերութիւններու Երկկողմ Օրակարգի Հարցեր

Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով Քննարկած են Հայ-Ռուսական Դաշնակցային Յարաբերութիւններու Երկկողմ Օրակարգի Հարցեր

by MassisPost

26 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 73-րդ նստաշրջանի շրջագիծէն ներս, կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը։

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր, նախանշած են երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը:

Արտաքին գործոց նախարարներն անդրադարձած են երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:

Զօհրապ Մնացականեանը եւ Սերկէյ Լաւրովն անդրադարձ կատարած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման՝ երկուստեք ընդգծելով հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծում ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջագիծէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment